Հայաստան- Ղարաբաղ- Ազրպէյճան սահմանը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կեդրոն: ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցումով հայկական սահմանապահ ուժերը փայլուն կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը եւ կը պահպանեն սահմանային ամբողջ գօտին: Կը հաղորդուի նաեւ , որ հակառակորդը անցնող 10- 15 Օգոստոս ինկած ժամանակահատուածին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակած է 18.000 կրակոց առկայ հրադադարը 1000 անգամներ խախտելէ ետք: Կը փոխանցուի նաեւ, որ թշնամին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ տարբեր տրամաչափի հասնող արկեր նետած է: