Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին չինական CGTN հեռատեսիլային ալիքի հետ հարցազրոյցին նշած է, որ Թեհրան համաձայն չէ Միացեալ Նահանգներուն հետ միջուկային բանակցութիւններու վերսկսման, քանի դեռ չի տեսներ Ուաշինկթընի կամքը՝ փոխշահաւէտ լուծման հասնելու համար:
«Մեր միջուկային ծրագիրը բացառապէս խաղաղ նպատակներու համար է, եւ մենք հարիւր տոկոսով վստահ ենք անով։ Մենք այդ վստահութիւնն ուրիշներու հետ կիսելու խնդիր չունինք, բայց այդ հնարաւոր է միայն բանակցութիւններուն միջոցով»,- նշած է դիւանագէտը:
Արաքչին նաեւ նշած է, որ Թեհրանի եւ Թել Աւիւի միջեւ հրադադարի ռեժիմը կը մնայ ծայրայեղ անկայուն: Անոր խօսքով՝ 12-օրեայ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ խնդիրները չեն կրնար ուժով լուծուիլ, եւ Իսրայէլը պէտք է հրաժարի ռազմական սենարէն:
Նախարարի խօսքով՝ Իրան պատրաստ է վերադառնալ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ միայն իր հանդէպ ռազմական սպառնալիքներէն հրաժարելու եւ հասցուած վնասի փոխհատուցման պարագային։