Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հրաւէրով այցելեց Իսթանպուլ, ուր, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, քննարկուած են տարածաշրջանային խաղաղութեան հետ առնչուող հարցեր: Անցեալին եւս Հայաստանի ղեկավարներ այցելած են Թուրքիա, սակայն անոնք եղած են յատուկ միջոցառումներու հետ կապուած առիթներով:
Նախ այցելութեան արտաքին երեւոյթի մասին, որ կրնայ մեծ կարեւորութիւն չունենալ, սակայն Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու պատմական շրջանակին մէջ կրնայ դիտուիլ որպէս ժէստ Թուրքիոյ կողմէ` ուղղուած Հայաստանին: Վարչապետը օդակայանին մէջ ու այլուր արժանացաւ բարձր մակարդակի ընդունելութեան, իսկ երկու ղեկավարներու հանդիպումը կայացաւ «Տոլմապահչա» պալատէն ներս, որ ժամանակին կառուցուած է Հայ ճարտարապետներու կողմէ:
Գալով հանդիպումի քաղաքական մասին, նկատելի էր, որ միատեղ յայտարարութիւն չհրապարակուեցաւ եւ ոչ ալ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս: Այս կրնայ թարգմանուիլ, որ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերու շուրջ ընդհանուր եզրեր չկան տակաւին: Այս իմաստով հարց կը յառաջանայ, թէ ինչո՞ւ Էրտողան նման հրաւէր յղած էր Հայաստանի վարչապետին, երբ ինք տակաւին պատրաստ չէ դուրս գալու Ատրպէյճանի ազդեցութեան տակէն ու վարելու` Հայաստանի նկատմամբ իր ուրոյն քաղաքականութիւնը: Էրտողան նոյնիսկ ստիպուած եղաւ, օր մը առաջ հրաւիրելու նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին ու վստահեցնլու անոր« որ անակնկալներ պիտի չպատահին Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին:
Թէեւ Թուրքիա այցելութեան հրաւէր եղած էր Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ սկսած պատերազմէն առաջ, սակայն Հայաստանի համար կարեւոր էր այս այցելութիւնը, երկիրը ապահովագրելու համար տարբեր վտանգներէ, որոնք կրնան յառաջ գալ ԻրանԻսրայէլ երկարատեւ պատերազմի մը պարագային: Երեւանի որդեգրած քաղաքականութիւնը, որ կը ձգտի բոլորի հետ երկխօսութեամբ լուծելու առկայ խնդիրները ու հասնելու տարածաշրջանային խաղաղութեան, ամենէն տրամաբանական մօտեցում կը թուի ըլլալ, այն պարագային երբ Հայաստան չունի իր ապահովութիւնը երաշխաւորող որեւէ դաշնակից: Այն պահէն սկսեալ երբ Ռուսաստան հրաժարեցաւ իր ստանձնած դաշնակցային պարտաւորութիւններէն« Երեւանի առջեւ չմնաց այլ ելք, բացի իր հարեւան երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելը:
Այսօր աշխարհ մեծ փոփոխութիւններու եզրին է եւ ոմանք նոյնիսկ կը խօսին համաշխարհային երրորդ պատերազմի մը մասին: Այս պայմաններուն տակ, քաղաքական անփութութիւն պիտի ըլլայ, եթէ բոլոր միջոցները չօգտագործուին` երկիրը հեռու պահել նոր պատերազմէ:
Հանդիպումին վրայ եկաւ ստուեր ձգելու յաջորդ օրն իսկ կայացած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան նախարարական համաժողովին կողմէ ընդունուած «Իսթամպուլի հռչակագիր»: Հոն Ատրպէյճան կարողացած էր մտցնել իր ամէն տեսակի հակահայ թէզերն ու յերիւրանքները, այդպիսով «սապոթաժի» ենթարկելով Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան այս փորձը եւս: Այս կապակցութեամբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստիպուած եղաւ յայտարարելու, որ Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ ներկայացուած բանաձեւերուն մէջ տեղ գտած խեղաթիւրուած եւ ծայրայեղ միակողմանի ձեւակերպումներ եւ հոն արտայայտուած շեշտադրումները կը հակասեն տարածաշրջանում տեւական խաղաղութեան հաստատման շահերուն եւ տրամաբանութեան:
Վերջաւորութեան կարժէ անդրադառնալ նաեւ մէկ այլ երեւոյթի` կապուած այս այցելութեան հետ: Ինչպէս սովոր է, Փաշինեան արտասահման իր այցելութիւններուն ընթացքին կը հանդիպի տեղւոյն Հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Պոլսահայ կրօնական ու ազգային մարմիններուն հետ հանդիպումի ընթացքին Հայաստանի վարչապետը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան ու պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Ուշագրաւ էր, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը ոչ մէկ ներկայութիւն ապահոված էր այդ հանդիպումին: Այս բացակայութիւնը արժանացաւ բոլորի զարմանքին ու վրդովմունքին ու նկատուեցաւ ամէն բանէ առաջ վիրաւորանք` Պոլսահայ համայնքին ու Պոլսահայութեան ամենուրէք:
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»