Ռուսիան չօգտագործեր «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը եւ հանդէս կու գայ ոչ թէ որևէ յստակ երթուղիի ստեղծման, այլ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ամբողջական ապաշրջափակման օգտին. այս մասին News.ru-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին։
Լրագրողը յիշեցուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնն այն մասին, որ Պաքուն եւ Երեւանը աւելի քան երբեւէ մօտ են խաղաղութեան, սակայն այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի շուրջ տարաձայնութիւնները կը պահպանուին:
«Կը խնդրենք նկատի ունենալ, որ մենք չենք օգտագործեր «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը: Ռուսիան հանդէս կու գայ ոչ թէ որևէ յստակ երթուղիի ստեղծման, այլ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու ամբողջական ապաշրջափակման օգտին։ Ճիշդ ասով է, որ կը զբաղի 2021 թուականին Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու որոշմամբ ստեղծուած եռակողմ աշխատանքային խումբը՝ երեք երկրի փոխվարչապետերու համատեղ նախագահութեամբ», -ըսած է Կալուզին։