image

Իսքենտերունի Քառասուն Մանուկ հայկական եկեղեցին կ'անցնի ամբողջական վերականգնումի

Իսքենտերունի Քառասուն Մանուկ հայկական եկեղեցին կ'անցնի ամբողջական վերականգնումի

Վերականգնումի աւարտէն ետք 1876-ին կառուցուած այս դարաւոր  եկեղեցին պիտի վերագտնէ իր ամբողջական կառուցուածքն ու համայնքային կեանքին մէջ իր կարեւոր տեղը։

Իսքենտերունի  (Աղէքսանտրէթ) մէջ 1876-ին կառուցուած   Քառասուն Մանուկ հայկական եկեղեցին՝ Փետրուար 6-ի երկրաշարժերուն հետեւանքով, անցած է համապարփակ վերականգնումի գործընթացի։

Քառասուն Մանուկ Հայոց Եկեղեցւոյ Հիմնադրամի վարչութեան նախագահ Եուսուֆ Թապաշ յայտնած է, որ վերականգնումի աշխատանքները պիտի իրականացուին պետութեան կողմէ տրամադրուած 5 միլիոն թրքական լիրայի աջակցութեամբ։

 Երկրաշարժին հետեւանքով  Սուրբ Խորանին մէջ փլուզում եւ վնաս 

Թապաշ նշած է, որ Փետրուար 6-ի երկրաշարժերուն ընթացքին եկեղեցւոյ ներքին տարածքին մէջ մեծածաւալ փլուզումներ չեն արձանագրուած։ Սակայն գլխաւոր կառոյցին եւ հիմքին մէջ տեղի ունեցած տեղաշարժերը անհրաժեշտ դարձուցած են վերականգնումը։

Երկրաշարժէն ետք յատկապէս խորանի բաժնին մէջ փլուզումներ եւ վնասներ արձանագրուած են։

Հողի շարժումներուն հետեւանքով պատերէն ոմանց  վրայ  «ուռեցքներ»  յառաջացած են։ Եկեղեցւոյ կից շինութիւնները եւս ծանր վնասուած են եւ ամբողջութեամբ պիտի վերակառուցուին։

Թապաշ նաեւ յայտնած է, որ երկրաշարժէն վնասուած են եկեղեցւոյ եկամուտի աղբիւրներէն հանդիսացող խանութները, որոնք նոյնպէս ընդգրկուած են վերականգնումի ծրագրին մէջ։

 

 Վերականգնումին համար  5 միլիոն թրքական  լիրա աջակցութիւն 

Թապաշ տեղեկացուցած է, որ Յուլիս ամսուան սկիզբը Հաթայի մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խորհուրդին եւ ապա «Յուշարձաններու խորհուրդ»ին կողմէ առնուած որոշումներէն ետք իրենց տեղեկացուած է, թէ եկեղեցւոյ վերականգնումին համար պետութիւնը պիտի տրամադրէ 5 միլիոն թրքական լիրա։

Ան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ արտօնութիւնները արագօրէն ստացուած են, եւ վերականգնումի աշխատանքները արդէն սկսած են։

 

Եկեղեցւոյ մէջ առժամաբար  արարողութիւններ  պիտի չըլլան 

Վերականգնումի աշխատանքներուն պատճառով եկեղեցին, այս շաբաթավերջին  Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ  Բ. Պատրիարքի  այցելութենէն ետք, ամբողջութեամբ պիտի փակուի կրօնական արարողութիւններու համար։

Թապաշ նշած է, որ վերականգնումի առաջին փուլին պիտի նորոգուի եկեղեցւոյ տանիքը, վերականգնուի յատակը եւ լուծուի առկայ ջրահեռացման խնդիրը։

Պիտի վերակառուցուին նաեւ խորանները, իսկ նորոգման կարիք ունեցող պատերուն եւ արտաքին ճակատներուն վրայ պիտի կատարուին անհրաժեշտ աշխատանքները։

Վերականգնումի աւարտէն ետք 1876-ին կառուցուած այս եկեղեցին պիտի վերագտնէ իր ամբողջական կառուցուածքն ու համայնքային կեանքին մէջ իր կարեւոր տեղը։