image

Հայաստանի եւ Իրանի մաքսային ծառայութիւններու ղեկավարները «կանաչ միջանցք»ի յուշագիր ստորագրած են

Հայաստանի եւ Իրանի մաքսային ծառայութիւններու ղեկավարները «կանաչ միջանցք»ի յուշագիր ստորագրած են

Իրանի Ճուլֆա քաղաքին մէջ հանդիպած են Իրանի եւ Հայաստանի մաքսային ծառայութիւններու ղեկավարները։

Ֆորուտ Ասկարին եւ Էդուարդ Յակոբեանը ստորագրած են մաքսային «կանաչ միջանցք»ի վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր։

Կողմերը քննարկած են նաեւ փաստաթուղթերու ելեկտրոնային փոխանակումը, բեռնատարներու երթեւեկութեան դիւրացումը, մաքսային վերահսկողութեան համակարգումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։

Անոնք այցելած են նաեւ Իրան-Հայաստան սահմանային անցակէտ (թերմինալ)։