image

Ռուսաստանն աշխուժօրէն կը մասնակցի Ղարաբաղի վիճակի կայունացման

Ռուսաստանն աշխուժօրէն կը մասնակցի Ղարաբաղի վիճակի կայունացման

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխոյժ մասնակցութիւն կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի կայունացման համար: Այս մասին այսօր լրագրողներուն հաղորդած են Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր իրաւասութիւններու սահմաններուն մէջ կը ցուցաբերէ աշխոյժ մասնակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի շուտափոյթ կայունացման ուղղութեամբ Ռուսիոյ նախաձեռնութեան իրականացման գործին մէջ»։

Մասնաւորապէս ՌԴ Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն բանակցութիւններ կը վարէ տարբեր երկիրներու իր գործընկերներուն հետ: «Այդ աշխատանքի գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումն է եւ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կարգաւորման նպատակով հակամարտութեան կողմերու բանակցութիւններու վերսկսումը»,-ընդգծած են նախարարութենէն:

«Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը առանձնայատուկ մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ Մերձաւոր Արեւելքէն ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներու տեղափոխման մասին տեղեկութիւններով»,- ըսած են ՊՆ-էն, աւելցնելով, որ այս մտահոգութեան մասին Սերկէյ Շոյկուն յայտնած է Թուրքիոյ ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարին։