Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը։
Արքեպիսկոպոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի անունով վարչապետ Փաշինեանին նուիրած է Արամ Ա.-ի գահակալութեան 30-ամեակի առիթով հրատարակուած հատորը։ Արքեպիսկոպոսը վարչապետ Փաշինեանին փոխանցած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ջերմ ողջոյններն ու օրհնութիւնը։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է հատորը նուիրելու համար եւ նշած, որ իրեն համար մեծ պատիւ է ընդունիլ այն։ Նիկոլ Փաշինեանը խնդրած է նաեւ իր ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները փոխանցել Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանը նշած է, որ արդիւնաւէտ կերպով կը համագործակցին նաեւ Մատենադարանի տնօրինութեան հետ եւ ողջունած է ՀՀ Կառավարութեան կողմէ Սարգիս Շնորհալիի «Մեկնութիւն եօթ Կաթողիկէ թղթոց» աստուածաբանական եւ ձեռագրագիտական բացառիկ արժէք ունեցող աշխատութիւնը Մատենադարանին ընծայաբերելու փաստը։ Արքեպիսկոպոսի խօսքով՝ Կառավարութեան նման քայլը բարձր գնահատած է նաեւ Արամ Ա. Վեհափառը։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գործունէութեան, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքներու հետ կապուած իրավիճակի շուրջ։