Երկար տարիներու աւանդ ունեցող «Գարակէօզեան հիմնարկ»ը կը շարունակէ իր ազգօգուտ գործունէութիւնը՝ Լիբանանի մէջ։
Օրերս հիմնարկը կազմակերպած էր «Դրական ծնողավարութիւն» ընդհանուր խորագրող դասախօսութիւն-գործնական գիտելիք հանդիպում մը։
Ստորեւ ատոր մասին «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հակիրճ լրատւութիւնը։
Ուրբաթ՝ 10 հոկտեմբերին, փոքր խումբի մայրերու համար կազմակերպեցինք Դրական Ծնողավարութեան հանդիպում՝ 0-12 ամսական մանուկ ունեցող ծնողներուն։
Հանդիպման առաջին բաժնին մէջ խօսեցաւ ծրագրի պատասխանատու Ժանին Դանիէլեան մայր-զաւակ կապի մասին, ընդգծելով այդ կապի նշանակութիւնը երեխայի առաջին տարիներուն։
Հաստատութեան փորձառու հիւանդապահուհի՝ Վարդուկ Իփրաճեան, ներկայացուց կարեւոր նիւթեր՝ մանուկներու պատուաստներու անհրաժեշտութիւնը, խնամքի հիմնական կանոնները, կերակրման, գրկելու եւ շոր փոխելու ձեւերը։

