Ֆրանսայի մէջ Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւորական գործիչներէն՝ Վեր. Յակոբ Կոճիքեան կը գրէ՝
Մարսէյի Սէնթ Անթուան թաղամասի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ արտաքին պատին վրայ երկար ատենէ ի վեր գրուած էր հետեւեալ պարզ խօսքը.
«Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար »։ Հաւատքի, խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամ մը։
Սակայն, այս պատգամը վերջերս զոհ գնաց բարբարոս վարմունքի։ Անծանօթներ ջնջելով «Քրիստոս» բառը, զայն փոխարինեցին «Կազա» բառով։
Այս արարքը, որ հեռու է անմեղ ըլլալէ, խորապէս տրտմեցուց մեզ։
Մենք կը հասկնանք աշխարհի եւ մանաւանդ Կազայի մէջ տառապողներուն ցաւը եւ կ’աղօթենք խաղաղութեան եւ բոլորին արդարութեան համար։ Բայց, կարելի չէ պաշտպանել դատ մը վիրաւորելով ուրիշին հաւատքը, կարելի չէ ջնջել միւսին հաւատքը ի՜րը արտայայտելու համար։
Նման արարքը չի կառուցեր խաղաղութիւն, այլ կը քանդէ, չի մօտեցներ ժողովուրդները, այլ կը խորացնէ պառակտումները։
Կը հրաւիրենք բոլորը պատասխանատուութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ եղբայրասիրութեան։
Մեր հաւատքին կամ համոզումներուն տարբերութիւնները երբեք պէտք չէ վերածուին իրարու դէմ գործածուող զէնքերու։ Ընդհակառակը, անոնք կրնան դառնալ կամուրջներ, երկխօսութեան եւ փոխադարձ սիրոյ առիթներ։
Թող այս տխուր դէպքը դառնայ զգօնութեան եւ բարեկամեցողութեան կոչ, որպէսզի Մարսէյը մնայ համակեցութեան, բազմազանութեան եւ խաղաղութեան քաղաք»։
Վերապատուելի Յակոբ Կոճիկեան