image

Մերցը Եգիպտոսի մէջ պիտի մասնակցի Կազայի հատուածի մէջ hրադադարի մասին համաձայնագրի ստորագրման արարողութեան

Մերցը Եգիպտոսի մէջ պիտի մասնակցի Կազայի հատուածի մէջ  hրադադարի մասին համաձայնագրի ստորագրման արարողութեան

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց կը ծրագրէ 13 հոկտեմբերին այցելել Եգիպտոս՝ մասնակցելու Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի մասին համաձայնագիրի ստորագրման արարողութեան։ Այս մասին հաղորդած է Bild։ 

Bild-ի տեղեկութիւններով՝ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Շարմ ալ Շէյխի մէջ, այլ ոչ թէ Գահիրէի, քանի որ եգիպտացիներն ու ամերիկացիները կրնան այնտեղ աւելի լաւ անվտանգութիւն ապահովել։ 

Մերցէն բացի, Եգիպտոս պիտի ժամանեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի: 

Bild-ի հաղորդմամբ՝ դեռ պարզ չէ, եթէ պիտի միանայ անոնց Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, թէ՞ ոչ: