Նոյեմբեր 16-ին նշանակուած Արմավիրի մարզի Վաղարշապատ համայնքի համամասնական ընտրակարգով աւագանիի ընտրութիւններուն օգտահաշիւ ստանալու յայտ ներկայացուցած է 11 քաղաքական ուժ։
Անոնցմէ թիւ 14 Ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողով առաջադրման փաստաթուղթեր ներկայացուցած են՝ 9-ը։ Ատոնք են՝
«Հայրենիք» կուսակցութիւնը
«Յաղթանակ» կուսակցութիւններու դաշինքը՝ կազմին մէջ են «առաջ» եւ «հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութիւնները
«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը
«Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւնը
«Մայր Հայաստան» ազգային-դեմոկրատական կուսակցութիւնը
«Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը
«Ազգային առաջընթաց» կուսակցութիւնը
«Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը
«Համահայկական ճակատ» կուսակցութիւնը
Առաջադրման փաստաթուղթեր ներկայացուցած ուժերու գրանցումը պիտի կատարէ թիւ 14 Ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողը՝ հոկտեմբեր 12-էն 17-ն ինկած ժամանակահատուածին։
Գրանցուած կուսակցութիւններուն (դաշինքին) հերթական համարները պիտի տրամադրուին հոկտեմբեր 18-ի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով նիստին՝ վիճակահանութեամբ։