image

Երէկուան եւ այսօրուան քաղաքական դիմանկարներն ու դիմակահանդէսները. Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Երէկուան եւ այսօրուան քաղաքական դիմանկարներն ու դիմակահանդէսները. Պարոյր Յ. Աղպաշեան

Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւնները, պետական-քաղաքական-ժողովրդական եւ, ընդհանրապէս, բազմաթիւ մարզերէ ներս, իրենց անկախութիւններէն ետք, թէեւ ունեցած են որոշ անհամաձայնութիւններ, անհասկացողութիւններ եւ աններդաշնակութիւններ, բայց, ատոնք երբեք չեն յանգած թշնամութիւններու, այլ մնացած են իրենց ներքին կեղեւներուն մէջ։

Այդ դրութեան գլխաւոր պատճառներէն էին, արաբականնութիւնը ազգայնականութիւնը, մտայնութիւնը, հաղորդականութիւնը, որոնք կը տիրէին զոյգ ժողովուրդներու ինքնութեանց մէջ, լեզուական, մշակութային եւ աւանդական առումներով։

Ճիշդ է, որ Սուրիան անցաւ բազմաթիւ եւ յաջորդական ցնցումներէ, որոնք գերազանցապէս ներքին էին (թէեւ, բացառուած չէին նաեւ, կարգ մը արտաքին հետքեր ու թափանցումներ) ինչ որ պատճառ դարձան բռնկող յեղաշրջումներու, իշխանութեանց փոփոխութիւններու, վարչակարգերու տապալումներու, կատաղի մրցակցութիւններու, եւայլն։

Մէկ խօսքով, անկայունութիւնը, անորոշութիւնը եւ անհաստատութիւնը դարձան մնայուն ու շարունակական, ժողովուրդը միշտ ալ մատնուած ըլլալով այդ խարխափումներուն ու խառնաշփոթութեանց, որոնց հետեւանքով, շատեր գաղթեցին, տարտղնուեցան ու հեռացան, իսկ ամենէն աւելի տուժողը եղաւ սուրիահայութիւնը, յատկապէս ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ։

Ծանօթ է թէ ցեղասպանուած ու տարագրուած հայութեան մեծ մասը, ի մասնաւորի մազապուրծ փրկուած խլեակները, Տէր Զօրի անապատներէն անցնելով, եկած եւ ապաստանած էին Հալէպ, ուր քանի մը տարի «քարշ տալէ» ետք, համոզուած էր, որ հայրենիք վերադառնալը, որքան ալ սիրելի ու փայփայելի, կը մնար անկարելիութիւն մը, անհնարութիւն մը, հետեւաբար, Հալէպի մէջ կայք հաստատուիլը, եթէ ոչ լաւագոյն, բայց՝ միակ ելքն էր։

Աշխատունակ, վճռակամ ու տոկացող «հայու բեկոր»ները լծուեցան իրենց նոր կեանքին, ամէն դժուարութիւններ յաղթահարելու գնով, իրենց առօրեան եւ կեցութիւնը տնօրինելով, ապրուստային, կենցաղային աշխատանքային առումներով, որոնց, անշուշտ, կ’ընկերանային կրթական, եկեղեցական, մշակութային, ընկերային ու գաղութային կեանքի կազմակերպումն ու զարգացումը։

Քանի որ հայութիւնը հմուտ էր եւ արհեստավարժ, կառուցող ու ստեղծագործող, շնորհաբեր եւ ազնիւ, պարկեշտ եւ անկեղծ, շուտով ան դարձաւ իր սեփականութիւններու եւ աշխատատեղիներու տէրը, ընդհուպ, ոմանք դառնալով գործարարներ ու ձեռներէցներ, գործարանատէրեր, վաճառականներ եւ առեւտրականներ, տնտեսավարներ եւ արհեստավարժներ, տեղւոյն արաբ բնակչութեան մօտ վայելելով յարգանք եւ վարկ, վստահութիւն ու ջերմութիւն։

Չմոռնալ, որ, այս բոլորին զուգահեռ, Հալէպը դարձաւ հայ մտաւորականութեան սիրտը (ուսուցիչներ, մանկավարժներ, խմբագիրներ, հրպարակագիրներ, գրողներ, հեղինակներ, ազգային գործիչներ, եւայլք), որմէ զգալի բաժիններ տրամադրուեցան, գործուղղուեցան ու փոխադրուեցան հայկական այլ գաղութներ, հայապահպանութեան, միտքի ու գրիչի իրենց հարստութեամբ ու փորձառութեամբ։

Իսկ բազմատեսակ միութիւնները ու կուսակցութիւնները, եղան կազմակերպող եւ առաջնորդող պատուանդաններ։

Եթէ առ այդ, ոմանց մօտ Հալէպ կը նկատուէր «Նոր Գիւղ», իր դիրքով, կացութաձեւով եւ աւանդութեամբ, ատոր տեղ ան գրաւեց պատուաբեր հորիզոնական մը, թէ՛ իր շրջապատէն ներս, թէ՛ ալ այլ հարթակներու վրայ։

Ինչո՞ւ այս անհրաժեշտ եւ անխուսափելի «շեղումը» կատարեցի, խիստ գիտակցուած տրամաբանութեամբ. նախ՝ ցոյց տալու հալէպահայութեան կեանքի ընթացքը, սկսած սկիզբէն, իր ԹԹԽՄՈՐային, բայց, խիստ հաճելի ու հնչուն անուշաբերութեամբ, հասնելով այն բարձրունքներուն, ուր՝ Սուրիոյ մէջ, ան կը գրաւէր, ԱՌԱՋՆԱՅԻՆ տիպար ամբողջութիւն մը։

Այդուհանդերձ, կուտակուած թունաւոր ամպերը, ապականացած պայմանները, յեղափոխութեամբ թէ այլապէս, շատ-շատեր, ակամայ տեղափոխուեցան ու լքեցին իրենց սիրելի (երկրորդ) օճախը եւ ուղղուեցան այլ գաղթավայրեր, ինչպէս Լիբանան, որ իր դիմագիծով ու խորքով խորթ չէր, այլ հարազատ, քանի երկու երկիրներու մէջ ապրող հայերը, ոչ միայն անծանօթ չէին իրարու, այլեւ՝ ազգականական ու հայրենակցական եւ այլ գօտիներով, առընչուած էին իրարու։

Միւս կողմէ, Լիբանանը աւելի հանգիստ էր, ուր կը տիրէր անդորրութիւն, բարգաւաճութիւն, գրաւչութիւն եւ առ հասարակ կը փայլէր, իր շքեղութեամբ, ազատութեամբ, անբռնազբօսիկութեամբ ու բարեմասնութիւններով։

Սակայն, հոս ալ, ամէն ինչ գլխիվայր շրջեցաւ, նախ՝ 1958ի եղբայրական հակամարտութիւններով, որոնց յաջորդեցին՝ 1975ի եղբայրասպան արիւնահեղութիւններն ու հրոսակութիւնները, անթիւ մարդկային զոհերու եւ աննախընթաց աւերներու գնով, որ տեւեց շուրջ 17 տարի։

***

Սակայն, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած էր, բոլորովին այլ վարչապետական հոլովոյթ մը, որուն «հերոս»ն էր՝ ՀԱՖԷԶ ԱՍԱՏ, որ կրցաւ երկրին ղեկը իր երկաթեայ ձեռքին մէջ առնել ու զայն պահել կանգուն, առանց անցեալի անկումներու ու խլրտումներու կրկնութեանց։

Դժուարին պատասխանատուութիւն մը եւ յանձնառութիւն մը, արդարեւ, որուն մէջ յաջողեցաւ նոր նախագահը, հոգ չէ թէ՝ իր ժամանակաշրջանին ալ արձանագրուեցան, տեսանելի եւ անտեսանելի «սայթաքում»ներ, բայց, փաստ ըլլալէ չի դադրիր, որ երկիրը հետզհետէ ինքզինք գտաւ իր հունին մէջ, իսկ ժողովուրդը, առաւել թէ նուազ չափերով, «յարմարած» էր իրավիճակին, մանաւանդ որ՝ իշխող կուսակցութիւնը ու պետութիւնը, ինքզինքնին պարտադրող ու հունաւորող ընթացքի մէջ կը գտնուէին։

Ուրեմն, 1975ին ծագած լիբանանեան դժոխային ելեւէջները, այնքան սուր ու բիրտ էին, անողոք եւ անգութ, որ լիբանանցի քրիստոնեաներուն մէկ ընտրանք կը մնար, իրենց համայնքներն ու զաւակները պահելու ու փրկելու, ատիկա՝ սուրիական ուժերու օգնութիւնն ու միջամտութիւն էր, որուն իրականացման համար, լիբանանցի քրիստոնեայ շէֆերը, միայն մէկ «փրկարար» կը տեսնէին. Սուրիոյ նախագահը ու Սուրիոյ բանակին զօրակցութիւնը։

Սակայն, նախագահ Ասատ, զգուշաւոր էր, շրջահայեաց, ինչ որ տեղ ալ թերահաւատ, իր չափանիշներով ու դիտարկումներով շարժելու, առանց հապճեպութեան ու շուտիկութեան։

Ամերիկայի այդ օրերու արտաքին գործոց նախարարը՝ Հենրի Քիսինճըր, որ հանրածանօթ էր իր դիւանագիտական հարուստ փորձառութեամբ ու հմուտ՝ քաղաքական բարդ հարցերու լուծումներոմվ, երբ Զուիցերիոյ մէջ, գլուխ-գլխի երկար հանդիպում կ’ունենայ նախագահ Ասատի հետ, յետայնու, դիտել կու տայ, թէ չկրցաւ հասկնալ, թէ Ասատ, ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ Լիբանանի թնճուկին լուծումը (կամ օգնութիւնը) եւ այդպէս ալ այդ թղթածրարը կը մնայ... կախեալ վիճակի մը մէջ, մինչեւ որ, նախագահ Ասատ, հինգ ամիս յետոյ կը համաձայնի սուրիական զօրքեր ղրկել Լիբանան (արաբական այլ ուժերու մասնակցութեամբ), պաշտպանելու լիբանանցի քրիստոնեաները։

Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ, եթէ ոչ՝ Ասատ, չէր ուզեր օտար ուժերու ցուցմունքներով շարժիլ, այլ ԶՈՒՏ արաբական, բան մը, որ յետագային ձախողցուցին նոյն այդ ուժերը եւ դէպքերուն ընթացքը բոլորովին տարբեր ուղղութիւն ստացաւ, իսկ մնացեալ պատմութիւնը... յստակ էր։

Միայն պէտք է շեշտել, որ սուրիական ուժերը ինքնակամ եւ ինքնագլուխ մուտք չգործեցին Լիբանան, այլ՝ այն Քրիստոնեայ լիբանանցիներուն խնդրանքով, պաշտպանել զիրենք, սակայն, ամէն ինչ հեզասահութեամբ չընթացաւ, ընդհակառակը, աւելի բարդացաւ ու թեժացաւ մինչեւ որ՝ նոր զարգացումները դուռ բացին ահաւոր ողբերգութիւններու ու վայրագութիւններու։

***

Մինչեւ սուրիական ուժերու Լիբանանէն քաշուիլը, Ռաֆիք Հարիրիի անարգ սպանութենէն ետք, անոնք որոնք՝ ինքզինքնին կը նկատէին Ասատեան համակարգի երբեմնի բարեկամներէն, դաշնակիցներէն կամ համակիրներէն, Պաշար Ասատի օրօք, իրենք չէի՞ն, որ Դամասկոս կ’երթային, կը խորհրդակցէին ու կը բանակցէին յատենի Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ ու նոյնիսկ կը գիշերէին նախագահական պալ ատին մէջ, այսօր, ամէն մէկը, կը մոռնայ այդ մերձեցումները ու կը ժպրհի, այդ նոյն՝ երէկուան, ըսենք՝ քաղաքական դէմքերուն դէմ, լորձնաշղթային լուտանքներ թափելով։

Եթէ այս նմանատիպերը, այդքան յանդգնութիւն ու համարձակութիւն ունէին, օրի՛ն, ցոյց տային իրենց կեցուածքները, օրի՛ն, ջիղ ցոյց տային, փոխանակ, պատին ետին թաքնուելով, սպառնալիքներ կարդային ու վրէժխնդրական «նոպա»ներ արձակէին։

Պահ մը մտածելէ աւելի, պէտք է լրջանալ ու զգաստանալ, թէ ամէն ոք ուրիշներուն թերիները, մեղքերը ու կաղացումները տեսնելու թէ ինք եւ իր նմանները, տակաւին երէկ ինչե՜ր ըրին եւ ի՜նչ աւերներ գործեցին, իսկ այսօր, ելած են սուր ճօճելու ասոր կամ անոր դէմ։

Վերջին հաշուով, երբ Լիբանան կը դիմնագրաւէ բազմագլուխ ու բազմագոյն դաւեր, ատոնք եթէ «հասկնալի» են՝ օտարներու ձեռամբ, բայց, ԱՆԸՄԲՌՆԵԼԻ են, երբ կը հնչեն՝ լիբանանեան կողմերէն, ընդ որուն, ոչ թէ դիմացի կամ հեռաւոր ճակատներէն այլ՝ ներքին, որովհետեւ, «շատ գլուխ»ը հո՛ն էր նաեւ հո՛ս է ու հո՛ն կը դեգերի, միշտ աւելի գրգռելով, խառնելով եւ ելեկտրականացնելով մթնոլորտը։

Ուրեմն, դո՛ւք, որոնք Սուրիոյ հետ կը սիրաբանէիք ու կ’ողջագուրուէիք, ուզելով թէ ոչ, երբեք կարեւոր չէ, գոնէ քիչ մը պատուախնդրութիւն չունի՞ք, չունի՛ք, որ այժմ, առօք-փառօք, ձեր նետերը սկսած էք արձակել, բոլոր անոնց դէմ, որոնք տակաւին, մօտիկ անցեալին, գունատեղական արծիւներն էիք, իսկ հիմա յանկա՞րծ (՞), ամէն ինչ դրժած էք եւ ապերախտօրէն կը հակառիք ձեր ինքնութեան եւ էութեան։

Յետոյ, ինչո՞ւ այս քինախնդրութիւնը եւ ոխակալութիւնը, որովհետեւ, այն ինչ որ կատարուեցաւ Լիբանան-Սուրիա փապուղիին վրայ, ո՞վ ըսաւ որ միակողմանի էր, երբ անիկա ունէր (եւ ունի) բազմակի աղբիւրներ, իսկ ատոնք, որո՞ւն ծանօթ չեն, իսկ դուք, նստած ձեր այս կամ այն աթոռին վրայ, այս կամ այն ճիւղէն թառած, ամբաստանութիւններ կը փչէք, դասեր կու տաք, կարծես թէ՝ դուք երբեք այս մոլորակէն չէք։

***

Ոմանք կրնան հարցադրել, թէ մեր թուումներու կամ գրառումներու հասցէատէրերը ո՞վքեր են եւ ինչո՞ւ քօղարկուած են, սակայն, իրականութիւնը բնաւ այդպէս չէ, անոնք կան, կը տեսնուին ու կը զգացուին, իրենց ամենէն թանձր պատմուճաններով, միայն պէտք է աչք տեսնելու, ականջ լսելու ու հպում զգալու։

Մեր դիտողութիւնները երբեք չեն երթար պատահականութիւններու, առանձնաշնորհեալներու կամ ընդդիմախօսներու, այլ՝ այն մունետիկներուն, ասիկոսէներուն ու շառլաթաններուն, որոնք իրենց օթեակներու մէջ բազմած, տակաւին լիբանանեան հայրենիքը կ’արիւնաբարեն, կը սմքեն ու կ’անճիտեն, իսկ ատոնք քի՞չ են, ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ, անգամ մը պէտք է նայիլ չորսդին, տեսնել ու զգալ, թէ այդ «գորշ գայլ»երը ո՜րքան շատ են եւ ո՜րքան վնասաբեր։

Երբ ամէն առիթով (իսկ ատոնք քիչ չեն), կը տեսնենք տխրահռչակ տեսարաններ (ձայնասփիւռէն թէ հեռատեսիլէն) ու կը հանդիպինք ապաշնորհ դէմքերու, որոնք այս երկիրը մրոտեցին ու քարկոծեցին, սեւացուցին ու մոխրացուցին, միայն այն ժամանակ կ’ըմբռնենք, որ ատոնց նմանները տակաւին իրաւունք չունի՛ն յորջորջելու, թէ իրենք հայրենասէր են («Ուաթանի»), հետեւաբար, ընդունելի՞ է, որ անոնք արժանի ըլլան յարգանքի եւ պատիւի։

Հազար անգամ, քա՜ւ լիցի ու լիցի եւ... լեցուի։

 

Պարոյր Յ. Աղպաշեան 

(Պէյրութ)