image

Ռուսական կարգ մը օդակայաններ բնականոն հունի մէջ չեն. Պատճառը անօդաչուներն են

Ռուսական կարգ մը օդակայաններ բնականոն հունի մէջ չեն. Պատճառը անօդաչուներն են

Ռուսիոյ օդային փոխադրութեան դաշնային գործակալութիւնը յայտնած է, որ Մոսկուայի եւ Մերձմոսկովեան շրջանին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումը յանգեցուցած է ժամանակաւոր սահմանափակումներու՝ «Վնուկովո» եւ «Դոմոդեդովո» օդակայաններուն մէջ թռիչքներ ընդունելու եւ ուղարկելու համար: Այդ պատճառով տասը օդանաւ վայրէջք կատարած է այլընտրանքային օդակայաններու մէջ:

«Սահմանափակումներու պատճառով տասը օդանաւ վայրէջք կատարած է այլընտրանքային օդակայաններու մէջ: Եւս վեց օդանաւի անձնակազմերը վերահաշուարկած են երթուղիները, փոխած են թռիչքներու ծրագրերը եւ օդային տարածքի օգտագործման սահմանափակումները վերացնելէ ետք վայրէջք կատարած են նշանակման օդակայաններու մէջ»,- նշած են գերատեսչութեան մամուլի ծառայութենէն։

Սահմանափակումները հանուած են Մոսկուայի ժամանակով ժամը 5:25-ին, յայտնած է դաշնային գործակալութիւնը։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Մոսկուայի շրջանի երկինքին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակման եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու օգտագործման պատճառով «Դոմոդեդովո»-ի մէջ յետաձգուած է 20 թռիչք, իսկ «Վնուկովո»-ի մէջ՝ ինը թռիչք։ Բացի այդ, յետաձգուած է երեք թռիչքի մեկնում դէպի «Վնուկովո»։