image

Ռուս-ուքրանական պատերազմը կը թէժանայ. Ուքրանիան ԱԹՍ-ներով գրոհաած է Ռուսիոյ մարզերը. Վոլկոկրատի եւ Ասթրախանի օդակայանները փակ են

Ռուս-ուքրանական պատերազմը կը թէժանայ. Ուքրանիան ԱԹՍ-ներով գրոհաած է Ռուսիոյ մարզերը. Վոլկոկրատի եւ Ասթրախանի օդակայանները փակ են

Անցեալ գիշեր Ռուսիոյ Ռոսթովի, Վորոնեժի, Վոլկոկրատի եւ Պելկորոտի մարզերը ենթարկուած են ուքրանական անօդաչուների զանգուածային յարձակման, գրած է moscowtimes.ru-ն:

Վոլկոկրատի մարզին մէջ յարձակման ենթարկուած են Ֆրոլովօ քաղաքի ելեկտրական ենթակայանը եւ Տոնի Քալաչ քաղաքին մէջ գտնուող նաւթի պահեստը, յայտնած է նահանգապետ Անտրէյ Պոչարովը։

Ռուսիոյ Հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը եւ ելեկտրոնային պատերազմի համակարգերը որսացած են անօդաչու թռչող սարքերը, սակայն բեկորներու անկումը հրդեհ առաջացուցած է, ըսած է ան:

Ինչպէս յայտնած է Shot թելեկրամեան ալիքը, մօտ 10 պայթում տեղի ունեցած է Տոնի Քալաչի մէջ։ Mash-ի հաղորդմամբ՝ նաւթի պահեստի վրայ յարձակած է առնուազն հինգ անօդաչու։ Ըստ ականատեսներու, ատոնք թռչած են մէկը միւսի ետեւէն։ 

Նշուած է, որ Վոլկոկրատի եւ Ասթրախանի օդակայանները փակուած են ԱԹՍ-ներու յարձակման պատճառով. թռիչքները ժամանակաւորապէս չեն ընդունուիր եւ չեն ուղարկուիր։

Ընդհանուր առմամբ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով, յուլիս 9-ի գիշերը Ուքրանիան արձակած է 38 անօդաչու թռչող սարք։ Ռոսթովի մարզին մէջ 21 անօդաչու խոցուած է:

Յիշեցնենք, որ յուլիս 8-ին, ժամը 09:40-ի սահմանին ռուսական կողմը հրթիռային հարուածներ հասցուցած է Ուքրանիոյ շարք մը շրջաններուն, որու հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 30 մարդ:

Զանգուածային հրթիռային յարձակման ժամանակ Ռուսիոյ Դաշնութիւնն Ուքրանիոյ ուղղութեամբ արձակած է տարբեր տեսակի 38 հրթիռ, որմէ 30-ը ոչնչացուած է Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութեան կողմէ։

Մասնաւորապէս, ռուսերը յարձակած են Քիեւի «Օխմաթտիթ» մանկական հիւանդանոցի վրայ, որու հետեւանքով երկու մարդ զոհուած է։