Մեծ Բրիտանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր համաձայնագիր ձեռք բերուած է, որ կ'ապահովէ Հիւսիսային Իրլանտայի հետ անխոչընդոտ առեւտուր:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով «ԹԱՍՍ»-ը, այս մասին յայտնած է Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ռիշի Սունակ:
Սունակ շեշտած է, որ ԵՄ-ի հետ համաձայնագիրը միտուած է Հիւսիսային Իրլանտայի կայունութեան երաշխաւորման եւ կոչուած է կանխելու Բրիտանիոյ մէջ խոչընդոտներու առաջացման: