image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Ճ. Տի Վենսին ԱՄՆ եւ Իրան մօտ են համաձայնութեան

Ըստ Ճ. Տի Վենսին ԱՄՆ եւ Իրան մօտ են համաձայնութեան

ԱՄՆ-ն եւ Իրանը դեռ չեն հասած խաղաղութեան պայմանաւորուածութիւններու, բայց շատ մօտ են ատոր: Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը։

«Մենք դեռ այդ փուլին մէջ չենք, բայց մենք շատ մօտ ենք։ Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ»,-ըսած է ան լրագրողներուն։

Աւելի վաղ Axios-ը, յղում ընելով աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ ամերիկացի եւ իրանցի բանակցողները համաձայնեցուցած են փոխըմբռնման յուշագրի նախագիծը, որ կը նախատեսէ 60-օրեայ հրադադար եւ խորհրդակցութիւններու մեկնարկ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ։

Պարբերականի տուեալներով՝ փաստաթուղթը կը սպասէ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջնական հաստատման։ Սակայն աւելի ուշ իրանական Tasnim գործակալութիւնը, յղում ընելով բանակցային խումբին մօտ կանգնած աղբիւրին, յայտնած է, որ յուշագրի բնագիրը մինչ օրս չէ համաձայնեցուած եւ չէ հաստատուած։