image
Հրատապ լուրեր:

Ռիատ կը շարունակէ արգիլել թրքական ապրանքներու մուտքը

Ռիատ կը շարունակէ արգիլել թրքական ապրանքներու մուտքը

Սէուտական Արաբիան կը շարունակէ թրքական ապրանքներու նկատմամբ արգելք կիրառել՝ թոյլ չտալով անոնց մուտքը իր երկրի տարածք. կը հաղորդէ ermenihaber-ը:

Այսպիսով, հարիւրաւոր բեռնատար մեքենաներ ամիսներ շարունակ մնացած են մաքսատունը եւ մաքսազերծման որեւէ գործողութիւն չիրականացուիր։

Թրքական ապրանքներու պոյքոթը մտահոգած է Թուրքիան։ Չնայած դեռ նոյեմբեր ամսուն Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆերհան ալ Սուուտը յայտարարած էր, որ բարիդրացիական յարաբերութիւններ ունին Թուրքիոյ հետ եւ հերքած էր թրքական ապրանքներու նկատմամբ պոյքոթի մասին լուրերը՝ այնուամենայնիւ հետագայ ամիսները ցոյց տուին, որ թրքական ապրանքներու նկատմամբ կը կիրառուին արգելքներ։

Պոյքոթի պատճառով թրքական տնտեսութիւնը լուրջ կորուստներ կը կրէ։ Եթէ 2020 թուականի յունուար ամսուան դրութեամբ Թուրքիայէն դէպի Սէուտական Արաբիա արտահանման ծաւալը կազմած էր 221.9 միլիոն տոլար, ապա 2021 թուականի յունուարի դրութեամբ՝ ընդամէնը 16.5 միլիոն տոլար, այսինքն՝ 92,5%-ով անկում գրանցուած է։

Սէուտական Արաբիան մինչ այդ կը հանդիսանար Թուրքիոյ խոշորագոյն առեւտրային գործընկերներէն մէկը։ Թուրքիայէն Սէուտական Արաբիա տարեկան արտահանման ծաւալը կը հասնէր շուրջ 3 միլառ տոլարի։

Ներկայիս Թուրքիան մտահոգ է, որ թէ´ Սէուտական Արաբիան, թէ´ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը փորձեն թրքական ապրանքներուն այլընտրանք գտնել։