image

«Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժնի տնօրէնն ու Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան «Ազդակ» այցելած են

«Ռատիօ Վատիկան»ի հայկական բաժնի տնօրէնն ու Արհի. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան «Ազդակ» այցելած են

Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք՝ 

«Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի   Պէյրութի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժանմունքի տնօրէն Ռոպեր Աթթարեան:

Խորհրդակցութիւնը կը վերաբերէր տեղեկատուական խնդիրներուն, հայկական իրադարձութիւններուն «Ռատիօ Վատիկան»-ի լուսաբանումներուն: Ռոպեր Աթթարեան հաստատեց, որ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայկական բաժինը մեծապէս նկատի կ՛ունենայ «Ազդակ»-ի հրապարակումներն ու նիւթերը եւ զանոնք իբրեւ աղբիւր կ՛օգտագործէ իր լրատուութիւններու ընթացքին: Փոխադարձաբար «Ռատիօ Վատիկան»-ը «Ազդակ»-ին համար կը նկատուի կարեւորագոյն սկզբնաղբիւր հայկական հարցերու գծով  քահանայապետին թէ ընդհանրապէս Վատիկանի որդեգրած կոչերուն եւ յայտարարութիւններուն համար:

 

Խօսակիցները վերահաստատեցին երկու լրատուամիջոցներուն միջեւ համագործակցութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը: