Լիբանան- Լիբանանահայ արուեստագէտ Րաֆֆի Ետալեանի հեղինակած «Երախտագիտութիւն» անունը կրող յուշակոթողի բացումը կատարուեցաւ երէկ Պէյրութի Ժըմմայզէ շրջանին մէջ: Յուշակոթողը նուրուածէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ քանդակագործը զայն Լիբանանահայութեան անունով ձօնած է Լիբանանին եւ Լիբանանցի ժողովուրդին, որպէս երախտագիտութիւն՝ հայերուն հանդէպ անոնց ունեցած հիւրընկալ եւ բարեացակամ վերաբերմունքին: Նշենք, որ յուշակողողի գլխաւոր հովանաւորն է նախարար Միշէլ Ֆարհոնը: Հանդիսութեան ներկայ եղած են հայ եւ տեղացի գործիչներ, լրագրողներ եւ արուեստագէտներ: Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առած են Լիբանանցի ֆրանասագիր ՝գրող Ալէքսանդր Նաժժար, նախարար Միշէլ Ֆարհոն եւ Սեպուհ Մխճեան: