image

Քընահ Ֆատո 104-ամեայ Հայ Որբուհին Հասաքէյէն Մինչեւ Իրաքեան Քիւրտիստան (Լուսանկարներ)

Քընահ Ֆատո  104-ամեայ  Հայ  Որբուհին Հասաքէյէն Մինչեւ Իրաքեան Քիւրտիստան (Լուսանկարներ)

Սուրիա- («Ալ Րումի»   ելեքդրոնային  կայք) Արաբ  լրագրող Մոհաննատ Հաժ Ալի   յօդուած մը հրապարակած է  Քընահ Ֆատօ անունով   հայ գաղթական կնոջ մը մասին,  որ     Սուրիոյ պատերազմէն խոյս տալով ապաստանած է  իրաքեան քիւրտիստանի  Տոմիզ  գաղթակայանը: Լրագրողը նաեւ կը պատմէ,  որ 104 տարեկան   գաղթականը  հայուհի մըն է եւ ան     քիւրտիստան հասած է Սուրիոյ Հասաքէ   (Հասիչէ) շրջանէն: Ըստ լրագրողին յոյն նկարիչ Եասօն Ադանասիատէսը վաւերագրած է այս կնոջ պատմութիւնը եւ    տեսաֆիլմ  մը նկարահանած անոր մասին: Լրագրողը կը պատմէ, որ Քընահ Ֆատօ անունը կրող հայ-քրիստոնեայ  որբուհին,  1915-ին, Թուրքիայէն խոյս  տալով  ու առանձինն քալելով  հասած է Հասիչէ:  Լրագրողը  կը յիշեցնէ, որ  աւելի քան մէկ միլիոն հայեր մահացած են  հաւաքական ջարդերով  եւ կամ ալ փրկութիւն մը փնտռելու  գաղթի  ճանապարհներուն վրայ: «Անոնք ինկած են աշնան տերեւներուն  պէս,այդ դարու  անողոքութեան  բովերուն մէջ». կը գրէ  լրագրողը:  

 Լրագրողը  պատմութիւնը  շարունակելով կը գրէ, թէ «Քրտական Հասաքէի մէջ, զինք  որդեգրած  է  Քիւրտ-Իսլամ ընտանիք մը եւ ան ապրած է այնտեղ համեստ եւ յաճախ դժուարագին կեանքով մը:Երբ Սուիրական   դէպքերը ծայր առին     եւ զինեալ ընդհարումները տարածուեցան ,ան համոզած  է  իր  զաւկին  որ  հեռանան  շրջանէն:  Որդին  իր ուսերուն վրայ շալկելով զինք    խոյս  տուած  է բախումներու  թատերաբեմ եղած  վայրէն    հասնելով  քրտական    Տոմիզ գաղթակայանը:Ան իր նախահայրերուն  գաղթին ճամբան բռնած է»:   Լրագրողը  կը նշէ, որ գաղթական    կինը «միշտ կը  ժպտայ   երբ կը խորհին, դէպի  Սուրիա  վերադառնալու յոյսին մասին»:   Այս առումով   լրագրողը կը գրէ «Դար մը տեւած  տանջալից կեանքէ ետք,ճակատագիրը ուզեց որ ան ապրի իր վերջին հանգրուանը գաղթակայանի մը մէջ». աւելցնելով, որ «այս աժան ու դիւրին  միջոցներով ժամանակներուն ,ուր դէպքերը կը վաւերագրուին,սուիրական տագնապը ցոյց տուաւ որ  մեծ տարբերութիւն մը կայ,դէպքը  ճանչնալուն ու զայն կասեցնելուն միջեւ»:

 

 Լրագրողը  նաեւ խօսած է   գաղթական մայրիկը նկարահանող   ՝ Եասունին հետ, որն իր հերթին   ըսած է « Այս մայրիկը   կը խտացնէ տառապանք մը երեք տարբեր ժողովուրդներու,  20-րդ  եւ  21-րդ  դարերուն».  աւելցնելով, որ  «Գաղթականը ըլլալով հայ,խօսելով քրտերէն ու ունենալով սուրիական անձնագիր,այս «երրորդութեամբ»  ապրած է դար մը տառապանք,սկսելով հայոց Ցեղասպանութիւնէն,անցնելով քիւրտերուն  հանդէպ  բանեցուած անարդարութիւններէն եւ հասնելով  մինչեւ դժնդակ կեանքի մը օրագրութիւնը ՝  քիւրտերու Տոմիզ գաղթակայանին մէջ:Այս մայրիկին  կեանքը լեցուն եղած է կորուստներով  ու  աքսորներով»:    

 Լրագրողը  կը գրէ, թէ «Եասուն խորունկ   մօտեցումով մը  նկարած  է   Քըննէի     դէմքը: Հոն  այնքան յստակ երեւցող խոր կնճիռներն ու տառապալից աչքերը». նկատել  տալով նաեւ, որ «Ցեղասպանութիւնէն վերապրածները միշտ  կը կրկնեն՝ «մենք պէտք է ըլլանք կենդանի վկաներ թէ փրկուածներուն   եւ թէ մեռեալներուն համար»: Լրագրողը   իր նիւթը  կ'աւարտէ   եզրակացնելով,  որ « Հայ- քրտուհին    Ցեղասպանութիւնէն վերապրած մըն    է  եւ այսօր  բոլոր պայմանները  զինք  կ'առաջնորդեն  դարձեալ  այդ մեծ ողբերգութեան վերադառնալու»:

Արաբերէնէ  թարգմանեց ՝ Տիգրան Գաբոյեան