image

Թուրքիոյ մէջ.  2024-ին  եւ մինչեւ այս  պահը սպաննուած է 357 կին

Թուրքիոյ մէջ.  2024-ին  եւ մինչեւ այս  պահը սպաննուած է 357 կին

Վիճակագրական ծառայութեան նոր տուեալներու համաձայն, 2024ի առաջին տասը ամիսներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած է 354 կին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Վիճակագրական ծառայութեան նոր տուեալներու համաձայն, 2024ի առաջին տասը ամիսներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ սպաննուած է 354 կին։ Անոնցմէ 296ը մեռած է սպանութեան հետեւանքով, իսկ 61 կիներու պարագային՝ սպանութեան հանգամանքները կը հետապնդուին։

Սպանեալներէն 168ը ամուսնացած էին, 98ը չէին ամուսնացած, իսկ 26ը՝ ամուսնալուծուած էին

Կիներէն 198ը սպաննուած են հրացանով, 77ը՝ դաշոյնով, 18ը խեղդամահ եղած է։ Բոլորն ալ սպաննուած են այրերու կողմէ, զորս կը ճանչնային։

Տակաւին մէկուկէս ամիս կայ մինչեւ տարեվերջ, բայց այս տուեալները ցոյց կուտան որ ամէն օր երկրի մէջ կին մը սպաննուած է։