Ատրպէյճանն ու Թուրքիան մինչեւ այս տարուան վերջ պիտի ընդունին համագործակցութեան նոր ճանապարհային քարտէզ։
Այս մասին Report-ին յայտնած է Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութիւններու փոխնախարար Մուհամետ Քասիմ Կեոնիւլուն։
Անոր խօսքով, փաստաթուղթը կը պատրաստուի Ատրպէյճանի ճարտարարուեստի նախարարութեան հետ համատեղ։
Ան ընդգծած է երկու երկիրներու յաջող համագործակցութիւնը բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, այդ շարքին՝ օրինաչափման ոլորտի մէջ:
Ան նշած է, որ Թուրքիան ատրպէյճանական կողմին տրամադրած է թրքական չափանիշները եւ կը նպաստէ այդ երկրի արդիւնաբերութեան զարգացման: