image

Քուէյթի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ

Քուէյթի կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ

Այսօր` Երեքշաբթի, իշխանական հրաման տրուած է ընդունելու վարչապետ Սապահ Ալ Խալէտ Ալ Սապահի եւ նախարարներու հրաժարականը` յանձնարարելով անոնց հոգալ հրատապ հարցերը:

Այս տեղի ունեցած է, երբ վարչապետը Ապրիլ 5-ին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր թագաժառանգ Միշաալ Ալ Ահմատ Ալ Սապահին: Հրաժարականը եկած է Քուէյթի Ազգային ժողովին կողմէ կառավարութեան հետ «չհամագործակցելու» խնդրանքով քուէարկութենէն խուսափելու համար, որ նախատեսուած էր յաջորդ օրը` խորհրդարանին մէջ վարչապետի հարցաքննութենէն յետոյ:

Խորհրդարանի քուէարկութիւնը՝ կառավարութեան հետ սահմանադրօրէն չհամագործակցելու մասին, կը նշանակէ հարցը բարձրացնել երկրի էմիրին, որպէսզի ինք որոշէ վարչապետը պաշտօնանկ ընել եւ նոր նախարարութիւն նշանակել կամ ցրել Ազգային ժողովը:

Հարցաքննութիւնը ներկայացած են ընդդիմադիր երեք պատգամաւորներ, այն կը վերաբերի վարչապետին ուղղուած մեղադրանքներու շուրջ, որոնցմէ ամենագլխաւորն այն է, որ անոր գործելակերպը «հակասահմանադրական է»,  օրէնսդիր մարմինին հետ համագործակցութիւնը բացակայ է, խորհրդարանի նիստերը խափանուած են, եւ փտածութեան կանխարգիլման համար համապատասխան միջոցներ չեն ձեռնարկուիր:

Քուէյթի խորհրդարանը աւելի մեծ ազդեցութիւն ունի, քան Ծոցի արաբական այլ երկիրներու մէջ որեւէ նման մարմին, օրէնքներ ընդունելու եւ անոնց ընդունումը կանխելու, վարչապետը եւ նախարարները հարցաքննելու եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն անվստահութիւն յայտնելու իրաւասութեան տեսանկունէն:

Հոկտեմբերի սկզբէն ի վեր լարուած իրավիճակ կը տիրէր կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ, պաշտպանութեան, արտաքին գործոց եւ աշխատանքի նախարարների հերթական հարցաքննութիւններու լոյսին տակ:

Գործող կառավարութիւնը ձեւաւորուած է Դեկտեմբերին, ըլլալով երրորդը` 2021 թուականին, փորձելով լուծել երկարատեւ ճգնաժամը ընտրուած խորհրդարանին հետ: