Ան հպարտ էր իր հայկական ծագումով ու մշակոյթով եւ իր ողջ կեանքի ընթացքին շարունակած էր սորվիլ ու կարդալ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ան մեծ ուրախութեամբ կը հիւլընկալէր քաղաքէն անցորդ որեւէ հայու եւ ամէն ջանք կը թափէր պատմելու հայերու մասին օտարներուն, որոնք նստելով մտիկ կ'ընէին իր պատանեկան տարիներու պատմութիւնները: Ան երբեք չկրցաւ կատարել ուխտագնացութիւն մը դէպի Քեսապ, սակայն սիրտը միշտ իր ծննդավայրի ու ժողովուրդի հետն էր:
Մարիի ընտանիքը կը փափաքի շնորհակալութիւն յայտնել անոր ընկերներուն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անոր հանդէպ սէր ունէին այս տարիներու ընթացքին, եւ յատկապէս այն հրեշտակներուն, որոնք այնքան լաւ խնամեցին զինք Հէվըն Հիլլի մէջ:
Օրերս Գանատայի մէջ իր աչքերը յաւերժին փակած է Մարի Ղազարեան- Նիքոլսը(23 հոկտեմբեր, 1920 –22 յունուար, 2023)։
Բոլորին կողմէ սիրուած Տիկին Մարին (կամ «Մեծ»ը ընկերներուն եւ ընտանիքին համար), հոգիով իսկական քեսապցին, ծնած է Սուրիոյ հայկական գիւղերէն՝ Քորքիւնա, 1920-ի հոկտեմբերին, ցորենի բերքահաւաքի ժամանակ: Հայրը՝ Սերոբ «Ազապը» եւ մայրը՝ Ֆարիտէ «Սիտա Լելոն» Ղազարեանները եղած են Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներէն։
Մարին վերջերս տօնած էր իր ծննդեան 102-ամեակը։ Իրմէ առաջ մահացած են կրտսեր եղբայրները՝ Եսային Թորոնթոյի եւ Սայմընը Պրազիլի մէջ, նաեւ անոնց կիները՝ Մարին եւ Սուզաննան: Ունի դուստր՝ Եոհաննա Նիքոլս (Տարէլ-Լի), որդի՝ Ալպերթ Նիքոլս (Ժէնի) եւ թոռնիկներ՝ Սիեննա եւ Ժերա, ինչպէս նաեւ ողջ են իր եղբայրները՝ Ժոն (Վարսենիկ) եւ Սամ (Գոհար):
Մարին ապրած է պատմութիւններով հարուստ կեանք մը՝ Քեսապ, Լիբանան, Կազա, Թորոնթօ, Քալկարի եւ ի վերջոյ Փենտիքթոն՝ գեղեցիկ Օքանական Հովիտը: Ան աշխատած է, որպէս հմուտ ու նուիրեալ հիւանդապահուհի Լիբանանի, Կազայի (Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն), Թորոնթոյի, Քալկարիի եւ Փենտիքթոնի մէջ: Անն նուիրուած եւ միայնակ ծնողն էր իր զաւակներուն, որոնք զինք կը համարեն իրենց հերոսը։ Գանատա գաղթելէն ետք 1954-ին, Հեյզել փոթորոկի հետեւանքով, Մարին երաշխաւորած է իր մօրը եւ չորս եղբայրներէն երեքը, որպէսզի գաղթեն Գանատա, ուր այժմ Ղազարեաններու նոր սերունդները եւ անոնց ընտանիքները կ'աշխատին եւ կ'ապրին:
Ան հպարտ էր իր հայկական ծագումով ու մշակոյթով եւ իր ողջ կեանքի ընթացքին շարունակած էր սորվիլ ու կարդալ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը: Ան մեծ ուրախութեամբ կը հիւլընկալէր քաղաքէն անցորդ որեւէ հայու եւ ամէն ջանք կը թափէր պատմելու հայերու մասին օտարներուն, որոնք նստելով մտիկ կ'ընէին իր պատանեկան տարիներու պատմութիւնները: Ան երբեք չկրցաւ կատարել ուխտագնացութիւն մը դէպի Քեսապ, սակայն սիրտը միշտ իր ծննդավայրի ու ժողովուրդի հետն էր:
Մարիի ընտանիքը կը փափաքի շնորհակալութիւն յայտնել անոր ընկերներուն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք անոր հանդէպ սէր ունէին այս տարիներու ընթացքին, եւ յատկապէս այն հրեշտակներուն, որոնք այնքան լաւ խնամեցին զինք Հէվըն Հիլլի մէջ:
«Արեւելք»ի համար պատրաստեց՝ Թ.Գասպարեան
Նիւթը՝«Թորոնթոհայ» կայքէն։