image

Աթէնք. Մահացած է ակադեմական գործիչ՝ Համբիկ Մարուքեան

Աթէնք. Մահացած է ակադեմական գործիչ՝ Համբիկ Մարուքեան

Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գիտնական փրոֆ. Համբիկ Մարուքեան՝ երկարամեայ դասախօս Աթէնքի Քափոստիստրիական համալսարանին մէջ, որ իր ակադեմական աշխատանքով նպաստեց համալսարանական ամպիոնի զարգացման:

Տխուր լուրին մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն։

Ստորեւ հանգուցեալին մասին հակիրճ մահագրական մը՝

Սրտի խոր կսկիծով իմացանք յունահայ ականաւոր գիտնական փրոֆ. Համբիկ Մարուքեանի մահը, որ պատահեցաւ 22 Մայիս 2025-ին, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք։

Համբիկ Մարուքեան իր կեանքը կապած էր ակադեմական եւ գիտական աշխարհին, դառնալով երկարամեայ դասախօս Աթէնքի Քափոստիստրիական համալսարանի երկրաբանական կազմաբանութեան վարժարանին մէջ, հանդիսանալով հազուագիւտ գիտական փորձառութիւն ձեռք ձգած հետազօտողներէն մէկը, որ իր ակադեմական

աշխատանքով նպաստեց համալսարանական ամպիոնի զարգացման։ Որպէս դասախօս եւ գիտնական մեծ համբաւ ու ընդունելութիւն վայելեց ուսանողական շրջանակներուն մէջ։ Նաեւ, ան ստեղծեց իր մասնագիտութեան կապակցութեամբ հարուստ արխիւ մը, որ այսօր տրամադրելի է երկրաբանական վարժարանի ուսանողութեան ու դասախօսներու կազմին։ Գիտական բարձր ներդրումին համար, հանգուցեալը պարգեւատրուեցաւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։

Երկար տարիներով վարեց Յունաստանի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ատենապետի պաշտօնը եւ ջանադիր եղաւ զարգացնել կրթական մարզը միութեան հովանաւորութեան տակ գործող վարժարանէն ներս։

Ան «Հայ Կեանք» պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամ էր եւ սիրահարը հայ մամուլին։