Իրանի հարաւային Մինապ շրջանին մէջ աղջիկներու տարրական դպրոցի վրայ յարձակման հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 148-ի, կը հաղորդէ Mizan գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով տեղական իշխանութիւնները։
«Մինապի մէջ զոհերու թիւը հասած է 148-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 95-ի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ աղջիկներու տարրական դպրոցի վրայ յարձակումին հետեւանքով 40 աշակերտ զոհուած է։