image

Աւստրիոյ Ս. Փոլթըն քաղաքին մէջ ընթացք առած է Եպիսկոպոսական ժողովը

Աւստրիոյ Ս. Փոլթըն քաղաքին մէջ ընթացք առած է Եպիսկոպոսական ժողովը

Փետրուար 17-ին Աւստրիոյ Ս. Փոլթըն քաղաքին մէջ իր աշխատանքները սկսած է Եպիսկոպոսաց հաւաքը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան քսանհինգ արքեպիսկոպոսներ եւ եպիսկոպոսներ, այդ շարքին` Երուսաղէմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւններէն։

Յայտնած են Մայր Աթոռէն։

Առաւօտեան ժողովականները մասնակցած են Արեւագալի ժամերգութեան։ Հոգեւոր խորհրդածութենէն եւ աղօթական առանձնացումէն ետք մեկնարկած է հաւաքը։

Եպիսկոպոսաց հաւաքը բացուած է Տէրունական աղօթքով, որուն յաջորդած է միասնութեան մասին Պօղոս առաքեալի՝ եփեսացիներուն ուղղուած նամակէն ընթերցումը։ Ապա ժողովականներուն հայրական իր խօսքն ու պատգամն առցանց յղած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։

Այնուհետեւ մասնակիցներուն իրենց ուղերձը յղած են նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։

Օրակարգի քննարկումէն եւ հաստատումէն ետք ընտրուած է դիւանը՝ վարելու Եպիսկոպոսաց հաւաքի հետագայ աշխատանքները։

Նոյն օրը Ս. Փոլթընի Մայր Տաճարին մէջ եպիսկոպոսաց մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է Երեկոյեան ժամերգութիւն, որու առիթով անոնց իր ողջոյնի խօսքը յղած է Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Ս. Փոլթընի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Ալոիս եպիսկոպոս Շվարցը։