image

Պունտեսթակի մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ քուէարկած միակ թուրք պատգամաւորը մերժած է Թուրքիոյ պատուաւոր քաղաքացիի կոչումը

Պունտեսթակի մէջ Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ քուէարկած միակ թուրք պատգամաւորը մերժած է Թուրքիոյ պատուաւոր քաղաքացիի կոչումը

Թուրքիոյ Թոքաթ նահանգի Փազար շրջանի ՏԻՄ մարմիններու որոշմամբ Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դէմ քուէարկած միակ պատգամաւորին պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոս շնորհուած է: Թրքական «Hürriyet» թերթը յայտնելով այս մասին կը նշէ, որ 9 անդամէ բաղկացած Փազարի շրջանային խորհուրդի նիստին որոշում կայացուած է Գերմանիոյ «Քրիստոնեայ-դեմոկրատ միութիւն» կուսակցութիւնը ներկայացնող  թրքական ծագուամով Պեթթինա Քուտլային Փազարի պատուաւոր քաղաքացի հռչակել:

12 յունիսին Քուտլան, արձագանգելով Փազարի շրջանային խորհուրդի այս որոշման, Twitter-ի մէջ գրած է. «Շատ շնորհակալ եմ պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոսին համար: Սակայն, ցաւօք, ստիպուած եմ տեղեկացնել, որ չեմ կրնար ընդունիլ այս տիտղոսը: Աստուած պահպանէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը: Աստուած պահպանէ Գերմանիան»:

Յայտնի դարձած է նաեւ, որ նոյն նիստի ժամանակ խորհուրդը ծագումով թոքաթցի Ճեմ Օզտեմիրին զրկած է իրենց համաերկրացին ըլլալէն: Օզտեմիրը Գերմանիոյ «Կանաչներու» կուսակցութեան համանախագահն է եւ Պունտեսթակի մէջ հաստատուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի հեղինակներէն: