Այս ֆորումը հիւրընկալելէ բացի, Հայաստանը նաեւ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի շրջածիրէն ներս ներկայացուող ցեղասպանութեան կանխարգելում բանաձեւի հեղինակն է, որ վերջին անգամ ընդունուած է այս տարուան մարտ ամսուն եւ ատոր հիմնական թեմաներէն մէկը եղած է ցեղասպանութեան վաղ նախազգուշացումն ու վաղ արձագանգումն ապահովելու հարցը։
Այս մասին Երեւանի մէջ ընթացող «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5-րդ Համաշխարհային ֆորումի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
Ան նշած է, որ անգամ օրեր առաջ, դեկտեմբեր 9-ին՝ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օրը, անգամ անկէ երեք օր առաջ, անգամ անկէ երեք օր ետք՝ այսօր, աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ եւ յատկապէս զինուած հակամարտութիւններու գօտիներու մէջ, ականատես կ՚ըլլանք ցեղասպանական գործողութիւններու, դրսեւորումներու, ազդակներու, որոնք կը խօսին մարդկութեան դէմ հասունցող նոր յանցագործութիւններու մասին։
Ըստ Միրզոյեանի՝ միջազգային հանրութիւնը ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային այլ ոճրագործութիւններու մասին կը սկսի աւելի շատ խօսիլ եւ ուշադրութիւն դարձնել, երբ ատոնք արդէն իսկ կայացած փաստեր են։
«Մեր տարածաշրջանում դրա ականատեսը եղանք ոչ միայն շուրջ 110 տարի առաջ հայոց ցեղասպանութեան պարագայում, այլեւ բառացիօրէն անցեալ տարի, երբ թւում էր աշխարհին տեսանելի են բաւարար ռիսկի գործօններ, որոնք կարող են յանգեցնել անդառնալի հետեւանքներին։
Ցաւօք, մենք անկարող եղանք կանխել եւ այսօր ականատես ենք այդ անդառնալի հետեւանքներին։ Սա այն օրինակներից է, երբ միջազգային կառոյցների արձագանգը հաւասարազօր չէր ռիսկի գործօններին եւ տեղում ստեղծուած իրավիճակին։
Նշուած ռիսկի գործօններից ամենաէականը` ատելութեան տարածումը, ի վերջոյ ատելութեան խօսքից վերածուեց յանցագործութեան։ Հայերի վերաբերեալ բերած օրինակը տարածւում է բոլոր այլ ցեղասպանութիւնների եւ զանգուածային ոճրագործութիւնների իրականացման հանգամանքների եւ պատճառների վրայ, քանի որ այս յանցագործութեան հիմքերը, ռիսկի գործօնները բաւականին միանման են»,- ըսած է ան: