Այս տարի Forbes ամսագիրը կազմած է Գոհունակութեան տօնի սեղանի համար լաւագոյն գինիներու ցանկ, եւ հայկական Karas Reserve Areni-Sireni 2022 գինին արժանացած է այնտեղ ընդգրկուելու պատուոյն:
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
«Ֆորպս» հեղինակաւոր ամսագիրը այս տարի Գոհաբանութեան օրուայ յատուկ ցանկին մէջ ընդգրկեց Հայաստանի «Կարաս. Արենի-Սիրենի 2022» գինին։ Այս գինին կ'արտադրուի 40 առ հարիւր համեմատութեամբ Արենի եւ 60 առ հարիւր համեմատութեամբ՝ Սիրենի խաղողէն, ցոլացնելով Արարատեան դաշտի հարուստ համերը։
Թէեւ «Կարաս» գինին քիմքին կ'առաջարկէ բալի, սալորի եւ մանուշակի բոյր, նաեւ կը պարունակէ հողային ու հանքային թեթեւ երանգներ, նաեւ կը պարունակէ կարմիր պտուղներու, նռան ու անտառային խոտաբոյսերու ներդաշնակ համադրութիւն մը։
«Ֆորպս»ի լրագրող Շերի Նաչմանի խօսքով, «Կարաս»ը հիւրին կը հրամցնէ Հայաստանի իսկական համերը՝ ընդգծելով իր իւրայատկութիւնը, շնորհիւ հայկական աւանդական կարասներուն եւ կաղնիի տակառներուն մէջ «հնեցում»ին։ Գինին նաեւ ուշադրութիւն կը գրաւէ իր մատչելի գինով, մօտաւորապէս 20-25 տոլար։