image

Պոլսահայ բանաստեղծ Վարդ Շիկահերի յիշատակին (Ակնարկ «Մարմարա»էն)

Պոլսահայ բանաստեղծ Վարդ Շիկահերի յիշատակին (Ակնարկ «Մարմարա»էն)

Օրերս լրացաւ ներհուն մտաւորական, բժիշկ-բանաստեղծ ողբ. Վարդ Շիկահերի մահուան 4-րդ տարելիցը։

Այս մասին կը յիշեցնէ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»ն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Որքա՜ն շատցան տխուր թուականները Մարմարա-ի տարեգրութեան մէջ։ Յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն կորսնցուցինք մեր այն թանկագին աշխատակիցները, որոնք ստեղծագործական մեծ աւանդով ու գործունէութեամբ կորիզը կը կազմէին Պոլսահայ մտաւորականութեան ու իրենց խօսքը կը փոխանցէին պատմութեան ու գալիք սերունդներուն։

Աւա՜ղ այժմ նօսրացած է «լաւագոյն»ներու այդ փաղանգը։ Մեր «մեծ»երը կը յիշենք որպէս անցեալ ու գոնէ ծննդեան կամ մահուան թուականներուն, անոնց քաղցր յիշատակը բաժնելով ընթերցողներուն հետ։

Այսօր, 16 Յուլիսին մահուան Դ. տարելիցի առթիւ կ'ոգեկոչենք Ողբ. Վարդ Շիկահերը, ներհուն մտաւորականը որ երկիւղածութեամբ կը մօտենար գիր-գրականութեան, արտակարգօրէն մաքուր հայերէնով նուիրումի ու հաւատքի, նաեւ մասնագիտական գիրքեր կը դնէր մշակութասէրներու գրասեղանին վրայ, կը հրատարակէր ժողովածուներ, որոնք ուրոյն յետագիծ մը կը ձգէին պոլսահայ նորագոյն գրականութեան մէջ։

Չորս տարի առաջ, պայծառ բարի աստղի մը նման անցաւ ան ու մնաց իբրեւ բժիշկ-բանաստեղծ՝ սերունդներու յիշողութեան մէջ։ Մնաց նաեւ իբրեւ անմոռանալի ուսուցիչ, իբրեւ մայրենիի շարունակական գնացքի հաւատարիմ ուխտաւոր։

Այսօր մահուան Դ. տարելիցի առթիւ մեր Բ. էջը կը յատկացնենք իր գրիչէն ո՛չ թէ բանաստեղծական կտորներու կամ արձակ ստեղծագործութիւններու, այլ բժիշկ Վարդ Շիկահերի վերլուծութիւններուն։

Ուսուցչաց Հիմնարկի կողմէ հրատարակուած «Երեք ահաւոր փորձանք» գրքոյկէն առաջին յօդուածը կը հրատարակենք այսօր՝ յիշեցնելու համար ծխախոտի վնասները։ Յաջորդ երկու շաբաթներուն, ընթերցողներու ուշադրութեան պիտի յանձնենք այս նոյն գրքոյկի միւս երկու յօդուածները՝ ոգելից ըմպելիի եւ թմրանիւթերու վնասներու մասին։

Խունկ ու աղօթք մեր սիրելի բժիշկ-բանաստեղծի բարի յիշատակին։