Մոսկուան աշխուժօրէն պիտի նպաստէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման. այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն հետ կապուած իրադրութեան առնչութեամբ Մոսկուայի դիրքորոշումը արտացոլուած է ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ: Մենք կողմերուն կոչ կ'ընենք ապահովելու ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ կրակի ամբողջական դադրեցման մասին 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու կատարումը», նշած է ան:
Զախարովայի խօսքով` Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը աշխոյժ գործողութիւններու կը ձեռնարկեն իրավիճակը լիցքաթափելու համար, իսկ խաղաղապահները խստօրէն կը գործեն երեք երկիրներու ղեկավարներու վերոնշեալ յայտարարութեան դրոյթներուն համաձայն:
«Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով մենք մշտական կապի մէջ ենք Երեւանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչներուն հետ, եւ իրավիճակին մասին տեղեկատուութիւնը ամէն օր կը հրապարակուի Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագրերուն մէջ:
Մենք կը շարունակենք ջանքեր գործադրել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար` հիմնուելով երեք երկիրներու ղեկավարներու առկայ պայմանաւորուածութիւններուն վրայ, այդ շարքին` սահմանազատման եւ սահմանագծման, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական ու ճանապարհային կապերու ապաշրջափակման վերաբերեալ: Մենք աշխուժօրէն պիտի նպաստենք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման», նշած է ան: