Իրան դեռ չէ հաստատած Ուաշինկթընի հետ զինեալ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ որեւէ համաձայնագիրի բնագիրը՝ հակառակ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Յունիս 11-ին աւելի վաղ կատարած յայտարարութեան, թէ ձեռք բերուած են պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններ։ Այս մասին հաղորդած է Fars լրատուական գործակալութիւնը։
Գործակալութեան տեղեկութիւններուն համաձայն՝ այն բանէն ետք, երբ ամերիկացի առաջնորդը յայտարարած էր, որ Իրանի հետ պայմանաւորուածութիւններու քանի մը վերջնական տարրեր համաձայնեցուած են, իրանական բանակցային խումբին մօտ կանգնած աղբիւրը նշած է, որ ԱՄՆ-ի հետ նախնական յուշագիրի որեւէ բնագիր տակաւին չէ հաստատուած Իրանի կողմէ։
Աւելի վաղ ԱՄՆ առաջնորդը յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները պայմանաւորուած է Իրանի հետ պատերազմը աւարտելու շուրջ, սակայն համապատասխան փաստաթուղթերը տակաւին կը սպասեն ստորագրութեան։
ՉնայածFars-ի հաղորդագրութեան, ըստ որուն իրանական կողմը տակաւին չէ համաձայնեցուցած յուշագիրի բնագիրը, Թրամփ որոշ ժամանակ անց դարձեալ պնդած է, որ Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Մոժթապա Խամենէին կրնար հաւանութիւն տուած ըլլալ ԱՄՆ-ի հետ ապագայ պայմանաւորուածութեան պայմաններուն։