Ուաշինկթընն ու Թեհրանը համաձայնեցուցած են խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական բնագիրը։ Այս մասին Յունիս 12-ի երեկոյեան յայտարարած է բանակցութիւններուն գլխաւոր միջնորդը համարուող Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆը։
«Կրնանք հաստատել, որ կայ խաղաղութեան համաձայնագրի վերջնական, համաձայնեցուած բնագիր»,– գրած է ան X-ի իր էջին վրայ։ Շարիֆի խօսքով՝ Փաքիստան ներկայիս սերտ կը համագործակցի երկու կողմերուն հետ՝ յաջորդ քայլերը որոշելու նպատակով։
«Խաղաղութիւնը երբեք այսքան մօտ չէ եղած, որքան այժմ»,– աւելցուցած է ան։
Reuters-ի աղբիւրի հաղորդմամբ՝ համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ Յունիս 14-ին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի 80-ամեակին օրը։
Թրամփն ալ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած էր, թէ Թեհրանի հետ համաձայնագիրը կրնայ ստորագրուիլ արդէն այս շաբաթավերջին, հաւանաբար Եւրոպայի մէջ։
Իրանական Mehr լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած էր Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ 14 կէտէ բաղկացած յուշագիրի նախագիծը։ Ի պատասխան՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ հրապարակուած կարգաւորման յուշագիրին բնագիրը իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի։
Յունիս 12-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչի X-ի վրայ գրած էր, որ «Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրին ստորագրումը երբեք այսքան մօտ չէ եղած»։ Ան նաեւ կոչ ուղղած էր լրատուամիջոցներուն՝ մինչեւ բանակցութիւններու աւարտը զերծ մնալ անոնց բովանդակութեան վերաբերող շահարկումներէ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Truth Social-ի վրայ վերահրապարակած է Արաքչիի գրառումը՝ առանց մեկնաբանութեան։
Իրանի պետական Fars գործակալութեան հաղորդմամբ՝ Արաքչի ըսած է, որ Իրան յաղթական դուրս եկած է Միացեալ Նահանգներու հետ հակամարտութենէն։ Ան նաեւ Իսրայէլը մեղադրած է խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումը խափանելու փորձերու մէջ։
Արաքչի նշած է նաեւ, որ Իրանի միջուկային ծրագրին եւ պատժամիջոցներու վերացման վերաբերող հարցերը պիտի քննարկուին համաձայնագիրի երկրորդ՝ եզրափակիչ փուլի ընթացքին, 60-օրեայ բանակցութիւններէ ետք։
Թրամփ իր կարգին նշած է, որ համաձայնագիրին արդիւնքով Իրան «երբեք պիտի չունենայ միջուկային զէնք», իսկ Հորմուզի նեղուցը վերստին պիտի բացուի։