Նոր համավարակի կանխարգելումը կը պահանջէ «տարեկան տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ»,- նշած է Կէյթսը: Ան նման ներդրումները մեծ անունած է, բայց ընդգծած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակը աշխարհի համար 28 թրիլիոն տոլար արժեց: «Աշխարհը միլիառներ պէտք ծախսէ՝ թրիլիոններ խնայելու համար (եւ միլիոնաւոր մահեր կանխելու համար)»,- գրած է միլիառատէրը, կը յայտնէ Forbes-ը:
Կէյթսի կարծիքով՝ պետական մարմինները առաջին հերթին համավարակէն ետք եւս պէտք է շարունակեն ներդրումներ կատարել այնպիսի բաներու մէջ, որոնք կ'օգնեն յաղթահարել այն:
Բացի այդ, Կէյթսը յայտարարած է «նախազգուշացման միջազգային համակարգ» ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս գաղափարը կ'ենթադրէ արագ արձագանգման խումբերու ձեւաւորում՝ ինչպէս հրշէջներունն է:
Անհրաժեշտ է նաեւ կանոնաւոր «վարժանքներ» կազմակերպել, որպէսզի հիւանդութեան բռնկումներուն արձագանգ մշակեն այնպէս, ինչպէս «զօրավարժութիւններուն կը պատրաստեն իրական ռազմական գործողութիւններու»,- գրած է Կէյթսը։
Իր ուղեցոյցին մէջ Կէյթսն ըսած է, որ «յաջորդ համավարակը, եթէ մեր բախտը բերէ, 20 տարի ետք տեղի կ'ունենայ»: Միեւնոյն ժամանակ, ան յորդորած է «նկատի ունենալ, որ այն կրնայ տեղի ունենալ երեք տարի ետք»: Այս տարի աշխարհին, ըստ միլիառատիրոջ, «լաւ լուրեր» կը սպասեն։ Ան այս դիրքորոշումը բացատրած է անով, որ դիմակները, ընկերային հեռաւորութիւնը եւ այլ միջոցառումները կրնան դանդաղեցնել վարակի տարածումը: Բացի այդ, գարնան պատուաստանիւթերը պիտի սկսին միջազգային ազդեցութիւն ունենալ հիւանդութեան տարածման վրայ, կ'ակնկալէ միլիառատէրը: