image

Պիլ Կէյթս նոր համավարակի մասին կը խօսի

Պիլ Կէյթս նոր համավարակի մասին կը խօսի

 

Աշխարհը կրնայ բախուիլ «Քորոնա» ժահրի, կրիփի կամ նախապէս անյայտ հիւանդութեան նոր համավարակի հետ, իր էջին գրած է Microsoft-ի համահիմնադիր Պիլ Կէյթսը: Անոր կարծիքով՝ 2020-ին մարդկութեան առջեւ ծառացած նոյն դժուարութիւններէն խուսափելու համար նոր համավարակի հնարաւորութեան պէտք է «նոյնքան լուրջ վերաբերիլ, որքան պատերազմի սպառնալիքին»:

Նոր համավարակի կանխարգելումը կը պահանջէ «տարեկան տասնեակ միլիառաւոր տոլարներ»,- նշած է Կէյթսը: Ան նման ներդրումները մեծ  անունած է, բայց ընդգծած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակը աշխարհի համար 28 թրիլիոն տոլար արժեց: «Աշխարհը միլիառներ պէտք ծախսէ՝ թրիլիոններ խնայելու համար (եւ միլիոնաւոր մահեր կանխելու համար)»,- գրած է միլիառատէրը, կը յայտնէ Forbes-ը:

Կէյթսի կարծիքով՝ պետական մարմինները առաջին հերթին համավարակէն ետք եւս պէտք է շարունակեն ներդրումներ կատարել այնպիսի բաներու մէջ, որոնք կ'օգնեն յաղթահարել այն: 

Բացի այդ, Կէյթսը յայտարարած է «նախազգուշացման միջազգային համակարգ» ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին: Այս գաղափարը կ'ենթադրէ արագ արձագանգման խումբերու ձեւաւորում՝ ինչպէս հրշէջներունն է: 

Անհրաժեշտ է նաեւ կանոնաւոր «վարժանքներ» կազմակերպել, որպէսզի հիւանդութեան բռնկումներուն արձագանգ մշակեն այնպէս, ինչպէս «զօրավարժութիւններուն կը պատրաստեն իրական ռազմական գործողութիւններու»,- գրած է Կէյթսը։ 

Իր ուղեցոյցին մէջ Կէյթսն ըսած է, որ «յաջորդ համավարակը, եթէ մեր բախտը բերէ, 20 տարի ետք տեղի կ'ունենայ»: Միեւնոյն ժամանակ, ան յորդորած է «նկատի ունենալ, որ այն կրնայ տեղի ունենալ երեք տարի ետք»: Այս տարի աշխարհին, ըստ միլիառատիրոջ, «լաւ լուրեր» կը սպասեն։ Ան այս դիրքորոշումը բացատրած է անով, որ դիմակները, ընկերային հեռաւորութիւնը եւ այլ միջոցառումները կրնան դանդաղեցնել վարակի տարածումը: Բացի այդ, գարնան պատուաստանիւթերը պիտի սկսին միջազգային ազդեցութիւն ունենալ հիւանդութեան տարածման վրայ, կ'ակնկալէ միլիառատէրը: