Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այժմ ընտրական գործընթացներու ժամանակ չունի, ըսած է նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։ Վերջինիս խօսքով՝ 2024 թուականին Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնին Փութինի առաջադրման մասին խօսիլը «քիչ մը վաղաժամ է», յայտնած է «Քոմերսանթ»-ը:
«Ընթացիկ տարուան վերջը, աւելի մօտ՝ այս տարուան երկրորդ կիսամեակի կէսերուն, այսպէս թէ այնպէս, մենք պիտի մտնենք ընտրական շրջան։ Առայժմ չկան նախընտրական կամ ընտրական տրամադրութիւններ՝ Փութին շատ ընելիքներ ունի։ Ան հաստատ հիմա անոր ժամանակը չունի»,- ըսած է Փեսքով «Իզվեսթիա» թերթին տուած հարցազրոյցին՝ խորհուրդ տալով «համբերել»:
21 փետրուարին Դաշնային ժողովին իր ելոյթի ժամանակ Փութին յայտարարած է, որ 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւնները կը կատարուին «բոլոր ժողովրդավարական ընթացակարգերու պահպանմամբ»։
Կը սպասուի, որ Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւնները կայանան 2024 թուականի 17 մարտին։