image

Փութին եւ Զելենսքի ի մօտոյ պիտի այցելեն Թուրքիա

Փութին եւ Զելենսքի ի մօտոյ պիտի այցելեն Թուրքիա

Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի երդմնակալութենէն ետք Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն անոր գործընկերներ Վլատիմիր Փութինն ու Վլատիմիր Զելենսքին կը ծրագրեն այցելել Անգարա։ Այս մասին յայտնած է Hurriyet-ը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն։

Պարբերականը մանրամասնած է, որ երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելու համար Թուրքիա պիտի երթան բազմաթիւ օտարերկրեայ առաջնորդներ։

Իր հերթին Վլատիմիր Փութինը պիտի կատարէ «առանձին այց», որմէ ետք Վլատիմիր Զելենսքին պիտի այցելէ Թուրքիա։ Ըստ աղբիւրի՝ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներու այցի ընթացքին պիտի քննարկուին «պատերազմի ընթացքը» եւ հացահատիկի գործարքը։