image

Փոփոխութիւն կարելի՞ է

Փոփոխութիւն կարելի՞ է

Փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ աստիճանաբար, քանի որ հարցերը կը գնահատուին առարկայականօրէն: Ի հարկէ, պէտք է յիշել, որ մեր բնաւորութիւնը, որ կերտած ենք քսան տարուան (անձին տարիքին համեմատ) մէջ, մէկ տարուան ընթացքին դժուար թէ փոխուի՝ գիրութենէ ազատելու նման, որ կը պահանջէ երկար գործընթաց, անհրաժեշտութեան պարագային դարմանում՝ դրդապատճառներու յայտնաբերման, անհատական համոզումներու համակարգի փոփոխութեան, այսինքն՝ ինքնազօր միտքերու համար։

Հակառակ այս բոլորին, փոփոխութիւնը իրօք հնարաւո՞ր է: Այո՛։ Հնարաւոր է։ Բայց նախ պէտք է որոշենք, թէ ի՛նչ փոխել կ՚ուզենք, ինչո՛ւ կ՚ուզենք այդ փոփոխութիւնը… Այս գործընթացին մէջ մասնագիտական օգնութիւն ստանալը լաւ արդիւնք կը բերէ, միայն պէտք է համարձակ ըլլալ այս ճանապարհին եւ հնարաւորինս շուտ քայլերու ձեռնարկել։

 

 

 

Արդեօք մարդոց բնաւորութիւնը կրնա՞յ փոխուիլ նոր փորձառութիւններէն կամ ստացած նոր տեղեկութիւններէն յետոյ։ Արդեօք մարդ կրնա՞յ իր սիրելիի մը վարքագիծը փոխել։

Անհատականութիւնը կառուցուած է առաջին հերթին մեր սորվածներու վրայ։ Այսինքն՝ մանկութենէ սկսեալ դաստիարակութիւնը անհատականութեան հիմնական մասը կը կազմէ, քանի որ առաջին գիտելիքը աւելի արմատական է եւ ճիշդ կը համարուի: Սա ճանաչողական հոգեբանութեան մէջ կը կոչուի «ինքնազօր միտք», իսկ էկոյի հոգեվերլուծութեան մէջ՝ «պաշտպանական համակարգ»:

Այս նիւթին հետ կապուած հետաքրքրական ու ծայրայեղական հոգեցնցումերու ուսումնասիրութիւններ կան։ Օրինակ՝ անհատ մը, որու իրաւունքները կ՚ոտնահարուին ընտանիքի անդամի մը կողմէ, միջոց մը ետք կրնայ այս վիճակը բնականոն համարել եւ նոյնիսկ ինքզինք մեղադրել։ Եթէ ծնող մը հոգեբանական խնդիրներ ունի, նոյն խնդիրները կարելի է տեսնել նաեւ իրենց զաւկի հոգեկան առողջութեան վրայ։ Այս բոլորէն յետոյ, համոզումները յամառօրէն կը պաշտպանուին՝ եթէ նոյնիսկ սխալ է։ Կը զարգանան աստիճանաբար ու տարիք առնելով կը շեշտուին, այլ ոչ թէ փոխուելով։ Այս վիճակի լաւագոյն օրինակն է օպսեսիւ-քոմփիւլսիւ խանգարումը։ Այս խանգարումէ տառապողներ թէեւ գիտեն, որ իրենց կախուածութիւնը չափազանց է, սակայն կը ջանան թաքցնել՝ այսինքն բնականոնացնել իրենց համոզումներն ու վարքը։

Փոփոխութիւնները կը սկսին այն ժամանակ, երբ կը հասկնանք, որ ոչինչ կարգին է եւ խնդիրը «մենք» ենք։ Փոփոխութիւնը բարդ գործընթաց մըն է։ Այդ մէկը հիմնականին մէջ ոչ-առարկայական, խիստ ենթակայական հարց մըն է, ուստի անձին «ես»ը անընդհատ կը փորձէ ինքզինք պաշտպանել։ Անոնք կը մերժեն այն բոլորը, որ կը գործէ իրենց համոզումներուն դէմ։

Երբ կը կարծէք, որ կրնան ըլլալ ընկալումէ դուրս իրավիճակներ, ուրեմն այսպէսով քայլ մը առած կ՚ըլլաք դէպի փոփոխութիւն։ Մարդիկ այս փուլին յաճախ կը ձախողին, քանի որ համոզումները ինքնամփոփուած են, կը գերադասեն շարունակել հաւատալ այն բաներուն, որոնցմով լաւ կը զգան։ Անոնք, որոնք դէմ են ասոր, կ՚ենթարկուին իրենց եսի յարձակման։ «Ես»ը ամենակարեւորն է, որ մեզ անընդհատ կը խափանարարէ։ Բացի օպսեսիւ-քոմփիւլսիւ խանգարումէն, ընկճուածութենէն, մտաթուլութենէն, թերեւս հոգեվերլուծութիւնը աւելի խորաթափանց կը դիտարկէ անձի հոգեկան խանգարումները եւ աւելի արդիւնաւէտ լուծումներ կ՚առաջարկէ անոնց։ Երբ կը հանդիպինք մէկու մը, որ դէմ է մեր համոզումներուն, կը յարձակինք ո՛չ միայն այդ մարդու որդեգրած համոզումներուն, այլեւ՝ իր անձին վրայ, նոյնիսկ ատելութիւն կը զգացուի անոր հանդէպ։ Այսինքն՝ աւելի հանգիստ զգալու համար, համոզումները իւրացնելով, կը փորձուի մեղադրել հակառակ կարծիքը պաշտպանող անձը։

Փոփոխութիւնը տեղի կ՚ունենայ աստիճանաբար, քանի որ հարցերը կը գնահատուին առարկայականօրէն: Ի հարկէ, պէտք է յիշել, որ մեր բնաւորութիւնը, որ կերտած ենք քսան տարուան (անձին տարիքին համեմատ) մէջ, մէկ տարուան ընթացքին դժուար թէ փոխուի՝ գիրութենէ ազատելու նման, որ կը պահանջէ երկար գործընթաց, անհրաժեշտութեան պարագային դարմանում՝ դրդապատճառներու յայտնաբերման, անհատական համոզումներու համակարգի փոփոխութեան, այսինքն՝ ինքնազօր միտքերու համար։

Հակառակ այս բոլորին, փոփոխութիւնը իրօք հնարաւո՞ր է: Այո՛։ Հնարաւոր է։ Բայց նախ պէտք է որոշենք, թէ ի՛նչ փոխել կ՚ուզենք, ինչո՛ւ կ՚ուզենք այդ փոփոխութիւնը… Այս գործընթացին մէջ մասնագիտական օգնութիւն ստանալը լաւ արդիւնք կը բերէ, միայն պէտք է համարձակ ըլլալ այս ճանապարհին եւ հնարաւորինս շուտ քայլերու ձեռնարկել։

 

Պիանքա Սարըասլան
«Ժամանակ»/Պոլիս