Խաղաղութեան պայմանագրի՝ այս պահուն եղած բնագիրը բաւականին հասունցած է, եւ արդէն իսկ նախապէս երկկողմ հաստատուած համաձայնեցումներու հիման վրայ վերջին ճշգրտումները կատարելէ եւ վերջնական տեսքի բերելէ ետք՝ այն կարելի է ստորագրել: Այս մասին յունիս 12-ին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Վարչապետն անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութիւններուն:
Հայաստանի սահմանադրութեան փոփոխութիւնը բանակցութեան մաս չի կրնար ըլլալ, ըսած է ան։
«Սահմանադրութեան փոփոխութիւնների հարցը կապել, փորձել բերել բանակցութիւնների սեղան, դա խաղաղութեան գործընթացի տորպեդահարում է, եւ չեմ բացառում, որ այդտեղ կան որոշակի միտումներ՝ միջամտութիւններ իրականացնելու Հայաստանի ներքին գործերին եւ որոշակի դեզինֆորմացիայի վրայ հիմնուած պրոցեսներ յարուցել ՀՀ-ում:
Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին ես խօսել եմ դեռ 2018-ից յետոյ՝ 2019-ին, եւ մեր օրակարգը բացառապէս կապուած է ժողովրդավարական բարեփոխումների հետ: Մենք ասել ենք, որ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը բանակցութեան մաս չի կարող լինել, որովհետեւ դա բացառապէս մեր ներքին օրակարգն է»,- ըսած է վարչապետը:
Հայաստանի 32 գիւղերու բռնագրաւուած տարածքներու հարցն օրակարգի վրայ է. Փաշինեան
Հայաստանի 32 գիւղերու բռնագրաւուած տարածքներու հարցը երբեք օրակարգէ չենք հանած եւ պիտի չհանենք։ Այդ մասին յունիս 12-ին Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Սեղանին դրուած է հետեւեալը՝ հիմա սահմանազատման յանձնաժողովները համաձայնեցնում են իրենց համատեղ աշխատանքի կանոնակարգը, որը պէտք է ստորագրուի, ապա անցնի ներպետական ընթակարագերով։ Եւ այդ կանոնակարգի հիման վրայ պէտք է շարունակուի սահմանազատումը»,- նշած է ան։
Թէ սահմանի որ հատուածին մէջ պէտք է շարունակուի սահմանազատումը, Փաշինեան նշած է․ «Պէտք է ձեւաւորուի կոնսենսուս, այսինքն՝ (Ատրպէյճանի հետ – խմբ․) համատեղ որոշմամբ»։
Ատրպէյճանական բռնատիրութեան տակ կը գտնուին Հայաստանի 31 բնակավայրերու կենսական նշանակութեան տարածքները, որոնք հինգ մարզերու մէջ են՝ Տաւուշի, Սիւնիքի, Արարատի, Գեղարքունիքի եւ Վայոց ձորի։ Ատոնց մէկ մասը Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ անցած է 90-ականներուն Ղարաբաղեան առաջին պատերազմի, միւս մասը՝ 2021-2022 թուականներուն ատրպէյճանական ներխուժումներու ժամանակ։