Առաջին անգամը չէ, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1 դէմքը, կը հակադրուի Իսրայէլի մօտեցումին: Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք Թել Աւիւը պահանջեց անոր հրաժարականը: Իրավիճակ փոխուած է նաեւ այս առումով: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ոչ միայն չէ հրաժարած, այլեւ դարձեալ նոյն պահանջով կը ներկայանայ միջազգային ընտանիքին:
Միջին Արեւելքի մէջ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները այլեւս չեն ընթանար միայն Իսրայէլի ճշդած կանոններով:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւնը` հրատապ հրադադար հաստատելու Կազայի մէջ, չ՛առարկայանար, պարզ այն պատճառով, որ Իսրայէլ որեւէ ձեւով մտադիր չէ կրակը դադրեցնելու: Առաջադրուածը Կազայի ժողովուրդին տեղահանումն է եւ Համասի արմատական ոչնչացումը: Ընդհանուր քարտուղարը հաստատած է նաեւ, որ այսպիսով Կազան կը վերածուի երեխաներու հաւաքական գերեզմանի: Պահանջը երկու կողմերուն ուղղուած ըլլալու տարրեր ունի, որովհետեւ ան նկատած է, որ Կազայի ժողովուրդին կենդանի վահանի դեր տրուած է:
Մարդասիրական հրադադարի կոչերը սակայն առարկայական արձագանգ չեն գտներ: Թել Աւիւը յարձակումներու շարունակումով այլ նպատակ կը հետապնդէ:
Տարակուսելի է, սակայն, Թել Աւիւի առաջադրածներուն իրականացումը: Ոչ միայն զինուորական գետնի վրայ իրավիճակ փոխուած է. Համասը կը շարունակէ դիմադրել եւ իր մօտ պահել իսրայէլացի գերիները: Այսքան ժամանակէ ի վեր փաստօրէն չէ իրականացած Իսրայէլի խոստացած ցամաքային ներխուժումը, որ այլ ոճով` ներխուժում-նահանջ կշռոյթներով կ՛ընթանայ:
Իրավիճակ փոխուած է տեղեկատուական դաշտին մէջ: Իսրայէլեան նախկին բացարձակ տիրապետումը համաշխարհային մամուլին մօտ վերացած է: Այդ բացառիկութիւնը կորսնցուցած է իսրայէլեան կառավարութիւնը, որուն պաշտօնական խօսափողին վերածուած էր միջազգային լրատուադաշտը: Այսօր ոչ միայն եւրոպական, այլ նաեւ ամերիկեան մամուլը կը ներկայացնէ պաղեստինեան մօտեցումները, կը խօսի անոնց իրաւունքներուն մասին, կը դատապարտէ բնակչութեան դէմ գործադրուած սպանդը:
«Երկու պետութիւն, Երուսաղէմ մայրաքաղաքով եւ 1967-ի սահմաններով»-ը միայն արաբական երկիրներու առաջադրանքը չէ: Բազմաթիւ են այն պետութիւնները, որոնք կը խօսին ա՛յս կարգախօսին մասին, նոյնիսկ ընդգծելով, որ միայն նման փոխզիջումնային լուծումն է, որ շրջանին մէջ կրնայ ապահովել երկարատեւ խաղաղութիւն:
Փաստօրէն պաղեստինեան աւելի ընդարձակ աշխարհագրութեամբ մը անկախ պետութեան ճանաչումը միջազգային օրակարգի կը վերածուի: Չի բացառուիր ուրեմն, որ բանակցութիւններու սեղանին վրայ գայ երկու վարչատարածքներու վրայ պաղեստինեան պետութեան տարածումը եւ անոր գերիշխանութեան ճանաչումը:
ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդի նիստին քուէարկած երկիրներու պատկերը եւս կը յուշէ, որ շատ բան փոխուած է նաեւ միջազգային ընտանիքին մօտ Թել Աւիւէն եկած որեւէ բանաձեւի նախագիծին նկատմամբ դիրքորոշուելու առումով: Պետութիւններու քուէարկութեան պատկերի քաղաքական ուսումնասիրութիւնը այս համոզումին կ՛առաջնորդէ հետեւողը: Մէկ ցայտուն օրինակ անպայման պէտք է յիշել: Մեծն Բրիտանիան ձեռնպահ մնաց քուէարկութեան: Նման անվտանգային եւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն ունեցող բանաձեւերու քուէարկութեան կարելի չէր անջատել Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգներն ու Մեծն Բրիտանիան: Ակնկալելի էր, որ Միացեալ Նահանգները իրենց քուէով զօրակցէին Թել Աւիւին, հակառակ անոր որ գետնի վրայ արձանագրուող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ տեսանելի են առնուազն կարեւոր տարբերութիւններ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի միջեւ:
Մեծն Բրիտանիան այս հարցերուն գծով իր դիրքորոշումը անպայման կը համակարգէ Ուաշինկթընի հետ: Չի բացառուիր, որ ձեռնպահութիւնը եւս համակարգուած էր, այնուամենայնիւ յստակ ուղերձ էր:
Աւելի նուրբ են անշուշտ Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ տեսանելի տարբերութիւնները, ոչ միայն ՄԱԿ-ի մէջ նման քուէարկութիւն թոյլ տալու, այլ նաեւ լուռ ձեւով Թեհրանի հետ պատերազմը «վերահսկողութեան» տակ պահելու առումով:
Վերադառնանք ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութեան: Նկատեցինք, որ երկու ուղղութեամբ հասցէականութիւն կայ. Համասին, որ ժողովուրդը իբրեւ կենդանի վահան կ՛օգտագործէ, եւ Իսրայէլին, որ երեխաներու հաւաքական գերեզմանի կը վերածէ Կազան: Սակայն պահանջուածը` մարդասիրական հրադադարը Թել Աւիւի մօտեցումին կը հակադրուի:
Առաջին անգամը չէ, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1 դէմքը, կը հակադրուի Իսրայէլի մօտեցումին: Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ետք Թել Աւիւը պահանջեց անոր հրաժարականը: Իրավիճակ փոխուած է նաեւ այս առումով: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ոչ միայն չէ հրաժարած, այլեւ դարձեալ նոյն պահանջով կը ներկայանայ միջազգային ընտանիքին:
Միջին Արեւելքի մէջ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները այլեւս չեն ընթանար միայն Իսրայէլի ճշդած կանոններով:
«Ազդակ»