«Անաքօ» տափանաւուն վրայ տեղի ունեցած է Միշիկընի համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Ֆաթմա-Միւկէ Կէօչէքի դասախօսութիւնը: Բանախօսութեան նիւթ ընտրուած է «Թրքական բրտութեան պատմութիւնը ԺԹ. դարէն մեր օրերը» թեման :Փետրուար 24ի երեկոյեան, հոծ բազմութիւն մը՝ ոչ միայն հետաքրքրասէր հայ հասարակութիւնը, այլ նաեւ՝ Քիւրտեր, Թուրքեր, համալսարանականներ եւ EHESS վարժարանի ուսանողներու խումբ մը, լեցուցած էր տափանաւուն սրահը, ունկնդրելու համար հիւր դասախօսուհին:Երեկոյթին բացումը կատարեց Արամ Քերովբեան, որ «Անաքո»յի կողմէ ողջունելէ ետք լսարանը, ամփոփ կերպով ներկայացուց Ֆ.-Մ. Կէօչէքը: Ան արդէն շուրջ 15 տարիէ ի վեր ծանօթ անուն է մանաւանդ հայ համալսարանական-մտաւորական շրջանակներու, 2000ական թուականներուն սկիզբը Փրոֆ. Ռոնըլտ Սիւնիի հետ ստեղծած ըլլալով վիճարկումներու ցանց մը՝ «Արմինիըն Ֆորում»ը:Դասախօսուհիին ուսումնասիրութեան կալուածն է Թուրքիոյ մէջ բրտութեան հարցը: Սահմանափակուելով ԺԹ. դարէն մեր օրերը, ան հետազօտած է, թէ ինչպէ՞ս ծագում առած է այդ բրտութիւնը եւ ինչպէ՞ս կը գործէ: Ըստ իրեն, ատիկա «մշակոյթ» մը դարձած է թուրք ժողովուրդին մէջ, որ վարչակարգէն անդին՝ իւրացուած է նաեւ թուրք ընկերութեան կողմէ եւ թէ նոյնիսկ ձեւով մըն ալ կը քաջալերուի այդ բրտութիւնը:Այսպէս, ան անդրադարձաւ ԺԹ. դարու ջարդերուն, բացատրեց թէ թրքական հանրութեան մէջ նոր ժամանակներու բրտութիւնը այդ ժամանակաշրջանին՝ Թանզիմաթի, «արդիականացման» շարժումով սկսած է, ազգայնապաշտութեան գաղափարախօսութեամբ: Այդ ազգայնապաշտութիւնը կը թելադրէր -եւ դեռ կը թելադրէ- «միւս»ը ջնջել՝ ամրապնդելու համար սեփական «ազգային»ը:Յիշեց ԺԹ. դարուն վերջերը, Երիտ-Թուրքերու Փարիզի ժողովը, ուր ոչ թէ չափաւոր Ահմէտ Ռըզային համակիրները, այլ թունդերը ուժ ստացան եւ ուրկէ ճամբայ առին իրենց ապագայ քաղաքականութեան:Ան հարցը ակադեմական ոսպնեակով հետազօտելով՝ թրքական ընկերութեան մէջ բրտութեան վերլուծումէն հասած է Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Հաստատած է, որ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ օրս իր գոյութիւնը պահպանող բրտութեան այդ մշակոյթին հիմքին կը գտնուի Հայկական հարցը:Ապա, յատուկ կերպով անդրադարձաւ ջարդարարներու կողմէ Հայոց ինչքերու իւրացման հարցին: Առանց բառերը ծամծմելու տուաւ անուններ ալ՝ Սապանճը, Քոչ, Էճզաճըպաշը ընտանիքները, որոնք այդ ձեւով դարձան մեծահարուստներ եւ այսօր ալ Թուրքիոյ տնտեսութեան գրեթէ ողնայարը կը կազմեն:Դասախօսուհիին հետաքրքրական տեսակէտներէն մէկն ալ այն էր, թէ ինք Թուրքիոյ Հանրապետութեան որպէս սկիզբ չի նկատեր 1923 թուականը, այլ 1919 Մայիս 19, երբ Աթաթիւրք Սամսուն հասնելով իր ծանօթ ճառը խօսեցաւ: Ըստ իրեն, այդ ճառն է, որ հիմքը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան գաղափարախօսութեան, այլ խօսքով՝ ընդհանուր ազգայնապաշտութեան: Բացատրեց նաեւ թէ այդ գաղափարախօսութեամբ ժողովուրդին մէջ ջամբուեցաւ միակ անձի մը պաշտելու մօտեցումը: Ըստ Կէօչէքի՝ Մուսթաֆա Քէմալի ելոյթին մէջ «1919ին Սամսուն ելայ» նշումը սկիզբը կը դնէ միապետութեան այդ գաղափարին: Հետաքրքրական էր նաեւ իր այն նշումը, թէ մինչ Հանրապետութեան կերտումի գործին լծուած էին բոլոր Իթթիհատականները, Մուսթաֆա Քէմալ այնպէս մը ներկայացուած է, թէ ի՛նք ըրած է ամէն ինչ: Եւ երբ հարցը վերաբերի Հայոց ջարդին, եւ պետական քարոզչութիւնը այդ “գէշ բաները” ընողներուն մասին երբ ստիպուի խօսիլ, զանոնք կը մեկուսացնէ Հանրապետութեան մէջ իրենց ունեցած դերէն։
Անդրադարձաւ նաեւ արեան խորհրդանիշին. ըսաւ, թէ Թուրքին աշխարհահայեացքին մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ արիւնը, որ կ՚առընչուի դրօշակին գոյնէն մինչեւ հայրենասիրութեան՝ «արիւն թափել»ու ձեւաբանութեամբ, եւայլն.:
Դասախօսուհին պատմեց նաեւ թէ ինչպէ՛ս հետաքրքրուած է այսօր իր մասնագիտացած ճիւղով: 2000ական թուականներու սկիզբը, ինք փափաքած է այցելել իր պապենական հողերը, Խարբերդի շրջանին մէջ: «Ակօս»ի եղերաբախտ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի յանձնարարութեամբ՝ նոյն թերթի հայերէնի բաժնի պատասխանատու լուսահոգի Սարգիս Սերովբեանի ընկերակցութեամբ այցելած է իր պապերուն շրջանը: Մինչ ինք վերագտած է գրեթէ ամէն ինչ որ կը փնտռէր, ժամանակուան հսկայ հայկական համայնքէն ոչինչ մնացած է, նոյնիսկ հսկայ գերեզմանատունէն հազիւ թէ գտած են փոքր քարի կտոր մը: Այս փաստը զինք մղած է հետաքրքրուելու այն մասնագիտութեամբ, որով կը զբաղի այսօր: