image

Լաւրով Ֆիտանին տեղեկացուցած է ուքրանական ուժերու կողմէ «Թրքական հոսք» կազատարի ուղղութեամբ յարձակման մասին

Լաւրով Ֆիտանին տեղեկացուցած է ուքրանական ուժերու կողմէ «Թրքական հոսք» կազատարի ուղղութեամբ յարձակման մասին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով 1 մարտին, հեռախօսազրոյցի ընթացքին իր թուրք գործընկեր Հաքան Ֆիտանին տեղեկացուցած է ուքրանական ուժերու կողմէ «Թրքական հոսք» կազատարի վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակման մասին, յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Նախարարը լրջօրէն խնդրած է իր թուրք գործընկերոջմէ օգտագործել Անգարայի առկայ հնարաւորութիւնները Քիեւի հետ աշխատելու համար՝ կանխելու Քիեւի վարչակարգի՝ քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցներուն դէմ ահաբեկչական յարձակումներ իրականացնելու նմանատիպ փորձերը, որոնք առաջին անգամը չեն:

Ֆիտան վստահեցուցած է, որ անհրաժեշտ միջոցներ պիտի ձեռնարկուին»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ինչպէս նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, 24 փետրուարին, Անգարայի մէջ կայացած ռուս-թրքական բանակցութիւններու զարգացման ընթացքին, նախարարները հաստատած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հետագայ համակարգուած աշխատանքի կարեւորութիւնը՝ ի շահ տարածաշրջանի խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան պահպանման՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ։