image

«Թրքական անօդաչուները կը սպաննեն մեր զինուորները». Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան

«Թրքական  անօդաչուները կը սպաննեն մեր  զինուորները». Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան

Թքական «Պայրաքթար» մարտական անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) վաճառքը Ուքրանիա ցաւագին կ'ընկալուին ռուսական հասարակութեան մէջ: Այդ մասին յայտարարած է Թուրքիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսէյ Երխովը:

«Չեմ կրնար չանդրադառնալ մէկ հարցումի, որ ինծի այստեղ յաճախ կու տան` ինչպէ՞ս կը վերաբերինք Ուքրանիոյ թրքական «Պայրաքթար»-ներու մատակարարման: Ես լիովին ազնիւ պիտի ըլլամ: Դուք չէք ալ կրնար պատկերացնել, թէ որքան ցաւագին կ'ընկալուին այդ առաքումները ռուսական հասարակութեան մէջ: «Պիզնեսը պիզնես է» բացատրութիւնները չեն հասկցուիր, քանի որ ձեր անօդաչու թռչող սարքերը կը սպաննեն մեր զինուորները, անոր համար անոնք կը գնուին: Ի դէպ, նշեմ` երկիր մը, որ կը յաւակնի Թուրքիոյ դաշնակիցը համարուելու, սովորութիւն ունի մեծ քանակութեամբ զէնք փոխանցելու անոնց, որու հետ կը կռուին «մեհմետները», իսկ այդ Անգարային այնքան ալ հաճելի չէ: Այդ պարագային ինչո՞ւ մեզի պէտք է հաճելի ըլլայ», շեշտած է դիւանագէտը: Դեսպանը ընդգծած է, որ Ռուսաստանը զէնք չի տար անոնց, որոնց դէմ կը կռուի թրքական բանակը եւ Թուրքիան այդ լաւ գիտէ:

Թուրքիան վերջին տարիներուն հիմնած է մարտական անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութիւն ոչ միայն իր զինուած ուժերուն կարիքները հոգալու, այլ նաեւ արտահանման համար: Այս պահին արդէն վեց պետութիւն ունի «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքեր` Ատրպէյճանը, Քաթարը, Լիպիան, Մարոքը, Լեհաստանը եւ Ուքրանիան: Այս տեսակի անօդաչու թռչող սարքերը օգտագործուած են Լեռնային Ղարաբաղի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ մէջ մարտական գործողութիւններու ընթացքին: