image

Փէշմարքան Գրաւած է Սինճար Տանող Կարեւոր Ճանապարհ Մը

Փէշմարքան  Գրաւած է    Սինճար   Տանող Կարեւոր Ճանապարհ Մը

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, քրտական տարածքային անվտանգութեան խորհուրդը կը տեղեկացնէ թէ, իր կռուողները գրաւած են կենսական ճամբայ մը Սինճար քաղաքին մօտ, կտրելով ISIS ահաբեկչական խումբի մատակարարման ամենակարեւոր ուղիները: Խորհուրդը ըսած է, թէ Փէշմարքայի կռուողները հասած են թիւ 47 մայրուղին, որ անուղղակիօրէն ռազմատենչ խումբերը կը կապէ երկու մեծագոյն ամրոցներուն Սուրիոյ  մէջ գտնուող Ռաքքային  եւ Իրաքի Մուսուլին: Յայտարարութիւնը ըսած է, որ քիւրտերը երկու տարբեր շրջաններէ հասած են մայրուղիին:Մինչ այդ «Իրաքիա» պետական հեռատեսիլը կ'ըսէ թէ, քրտական Փէշմարկան հասած է Սինճարի քաղաքապետի գրասենեակը վերագրաւելու հիւսիսային Իրաքի լեռնային քաղաքը: