image

Գահիրէի մէջ կարեւոր ժողով.Հայկական համայնքը գլխաւորած է Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան

Գահիրէի մէջ կարեւոր ժողով.Հայկական համայնքը գլխաւորած է Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան

Օրերս Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած անհատական կարգավիճակի (Քրիստոնէական համայնքներու վերաբերեալ) կարեւոր ժողովին իր մասնակցութիւնը բերած է Եգիպտոսի հայկական համայնքի գլխաւոր պատուիրակութիւնը։

Ստորեւ այդ կարեւոր նիստին մասին Եգիպտոսի Հայ Դատի մարմնին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը։

 

 

Եգիպտոսի Արդարադատութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ օրերս գումարուած է անհատական կարգավիճակի օրէնքին նախագիծին նուիրուած համայնքային երկխօսութեան երրորդ, որուն իր ներկայութիւնը բերած է Եգիպտոսի հայ համայնքի պատուիրակութիւնը։

 Նախարարի խորհրդական Ատնան Ֆանշարիի հովանաւորութեամբ, նիստը գումարուած է նախարարութեան վարչական նոր  կեդրոնին մէջ, ՝ լսելու եւ ընդունելու բոլոր կարծիքները, որոնք պիտի նպաստեն Եգիպտացի ընտանիքին բարօրութեան:

Բոլոր քրիստոնեայ համայնքները եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները մասնակցեցան երկխօսութեան նիստերուն, հասնելու համար իրաւական տեսլականի մը, որու համաձայն պէտք է գտնուին բոլոր կողմերը, մինչեւ օրէնքի նախագիծին ի յայտ գալը: Հարկ է նշել, որ նիստը նուիրուած էր յոյն ուղղափառ, հայ, ասորի համայնքներուն կարծիքներն ու տեսակետները լսելու։ 

 

Նիստին կը մասնակցէր Հայ առաքելական համայնքի առաջնորդ, Գահիրէի եւ Աղեքսանտրիայի հայ առաքելական համայնքի Գերագոյն խորհուրդի նախագահ եւ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան, Թանթա շրջանի Թանթայի, յոյն ուղղափառ մետրոպոլիտ Նիքոլա Միշէլ Անթոնիօ Եպիսկոպոս , եւ ասորի համայնքի քահանայ Ֆիլիփ Իսա։

 

Հայ առաքելական համայնքը կը ներկայացնէր՝

Եգիպտոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ եպս. Մնացականեան, Դոկտ. Ճորճ Նուպար Սիմոնեան՝ Թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, Փրոֆ. Շանթ Արթին Ճապեան՝ (Թեմական Խորհուրդի փոխ ատենապետ)։Տօքթ. Արմէն Գէորգ Մազլումեան (Թեմական խորհուրդի քարտուղար եւ Եգիպտոսի Հայ Ազգային Վարչութեան նախագահ), Տօքթ. Գէորգ Վանէս Գազանճեան՝

(Թեմական Խորհուրդի անդամ եւ «Գալուստեան-Նուպարեան» հայկական վարժարանի տնօրէն), Դոկտ. Մարի Միսաք Քիւբէլեան՝

(Հըլուան համալսարանի զբօսաշրջութեան հիմնարկի դասախօս), ինչպէս նաեւ Նաժի Ալֆոնս Էսթաս՝

(Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ իրաւական հարցերու խորհրդատու)։

Աւարտին նշենք, որ ժողովը անցած է ջերմ եւ շինիչ մթնոլորտի մը մէջ եւ ժողովականները որոշած են  յառաջիկային շարունակել հիմնարար քննարկումները։

 

Նիւթը «Արեւելք»ի  համար պատրաստեց՝ Ն.Ք