Օրերս Calfa ընկերութիւնը յայտարարած է, թէ Փարիզի մէջ պիտի սկսի նախագիծ թուայնացնելու եւ պահպանելու Սամուէլեան գրախանութին մէջ պահպանուած 20-րդ դարու հայկական մամուլի արխիւները։
Աշխատանքը պիտի տեւէ 12 ամիս։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Calfa-ի պաշտօնական կայքէն:
1930-ին Փարիզ հիմնադրուած Սամուէլեան գրախանութը սփիւռքի մէջ յայտնի մշակութային կեդրոն էր, որ 80 տարիէն աւելի ընդունած է լրագրողներ, հետազօտողներ, պատմաբաններ, ինչպէս նաեւ անոնց աշխատանքները՝ գիրքեր կամ մամլոյ հրապարակումներ։
Գրախանութը փակուած է մօտաւորապէս 10 տարի առաջ, եւ այնտեղ պահուած թերթերու հաւաքածոները տարիներու ընթացքին սկսած են ենթարկուիլ փճացումի:
Նկատի ունենալով այս արխիւներուն արժէքը, Սամուէլեան ընտանիքի աջակցութեամբ, նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի»ն տրամադրած նիւթական օժանդակութեամբ, Calfa պիտի իրականացնէ փրկարարական աշխատանքներ գրախանութին մէջ: Այն ոչ միայն թուայնացնելով պիտի յաւերժացնէ այդ թերթերը, այլ նաեւ հանրութեան կրկին հասանելի պիտի դարձնէ հրապարակելով համացանցով, աջակցութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (ԳԱԱ) Հիմնարար գիտական գրադարանին:
Խնդրոյ առարկայ այս արխիւները ընդհանրապէս սփիւռքի հայկական թերթերէն են, որոնք հրատարակուած են 1920-1975 թուականներուն, եւ 10.000-էն 15.000 էջ բովանդակութեամբ են: Հրապարակումներու ցանկը դեռ յստակ չէ, սակայն նախնական գոյքագրութեամբ յայտնաբերուած են աւելի քան 70 տարբեր թերթեր, որոնք հրատարակուած են աւելի քան 30 երկիրներու մէջ, ինչպէս օրինակ.-
Ֆրանսա: Երկունք (Փարիզ, 1929-1936), հրատարակած է՝ Շաւարշ Նարդունի:
Զուարթնոց (Փարիզ, 1929-1964), հրատարակած է՝Հրանդ Բալուեան:
Կեանք եւ Արուեստ (Փարիզ, 1931-1940), հրատարակուած է Պարսամեան եղբայրներու կողմէ:
Օշական ամսագիր (Փարիզ, 1920-1921):
Ցոլք ամսագիր (Փարիզ, 1928), հրատարակած է Վահրամ Կաքաւեան:
Լիբանան: Ազդակ (Պէյրութ, 1927 - շարունակական), Զարթօնք (Պէյրութ, 1937 - շարունակական)
Եգիպտոս: Լուսարձակ (Գահիրէ, 1926-1928), Լուսաբեր (Գահիրէ, 1904-1908):
Յունաստան: Նոր օր (Աթէնք, 1923-1944):
Թուրքիա: Շողակաթ (Կոստանդնուպոլիս, 1952-1995), Ճեմ (Կոստանդնուպոլիս, 1911):
Ռումանիա: Հայ Մամուլ (Պուխարեստ, 1934 - 1942):
Նշենք, որ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը արեւմտահայերէնը պահպանելու իր ջանքերուն մէջ, կ'աջակցի հայ մամուլը թուայնացնելու հիմնական ծրագիրներուն, որոնք կը կատարուին աշխարհով մէկ:
Calfa այս ծրագիրը պիտի իրականացնէ իր կողմէ մշակուած՝ Calfa OCR-ով, որ կը ճանչնայ թերթերուն տպագրուած բովանդակութիւնը եւ կը վերածէ թուային եւ խմբագրելի փաստաթուղթի, ապա այդ թուայնացուած ծրարները ինքնաբերաբար կը մտնեն FSL թուային գրադարան: