Նոր սերունդը կաւ մըն է արդարեւ ոչ միայն կակուղ ու կերպընկալ, այլ նաեւ արժէքաւոր կարելիութիւններով օժտուած: Կրնա՞ք ըլլալ ճարտար բրուտներ՝ ստեղծելու անոնցմէ ազնիւ ու այս երկրին ու մեր Ազգին համար պիտանացու անօթներ հաւատքի, կամքի, գործի, նուիրումի։
Գարեգին Եպս. Խաչատուրեան
ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Մամլոյ դիւանէն «Արեւելք» վերահասու դարձաւ, որ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ.Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու մտայղացումով հրապարակուած է Գարեգին Եպս. Խաչատուրեանի «Հովիւի խօսքեր» խորագրով ժողովածոն։ Այն 5-րդ հատո
«Ոսկեղենիկ» մատենաշարի, եւ այս տպագրութիւնը նուիրուած է Արեւմտեան թեմի հիմնադրման 95-ամեակին։
Նոր հատորին մէջ զանազան աղբիւրներէ ի մի հաւաքուած են Արեւմտեան թեմի անդրանիկ Առաջնորդ Գարեգին Եպս. Խաչատուրեանի հոգեւոր բազմաթիւ երկեր, անոնց կարգին՝ Ս. Զատկուան մասին, «Հաւատքը եւ իր զօրութիւնը», «Պահք եւ աղօթք», «Քահանայութեան կարգը» եւ այլ գործեր։
Նիւթերու մէկ մասը տրամադրած է Կ. Պոլսոյ միաբանութեան երէց անդամներէն անդամ՝ Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Հատորը կը սկսի Առաջնորդ Սրբազանի ներածական խօսքով, ուր կ'ընթերցենք.
««Ոսկեղենիկ» մատենաշարի Ե. գրքոյկով ջերմ փափաքն ունեցանք պանծացնել յիշատակը՝ հոգիով հզօր Պատրիարքին։ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան երկնակամարին վրայ որոշապէս գրուած է բարի անունը Խաչատուրեան Պատրիարքին՝ մեզի ծանօթ Գարեգին Տրապիզոնցի անունով»։Ժողովածոն առիթ է՝ վերաթարմացնելու Գարեգին Եպս. Հոգեւորականի ու գիտնականի կերպարը հայ ընթերցողի մօտ, վերարծարծելու անոր միշտ արդիական ու հզօր պատգամները՝ ուղղուած հաւատաւոր հայորդիին, սփիւռքի համայնքներուն, հոգեւորականներուն։ Օրինակ՝ Գարեգին Եպս.-ը «Հայ ժողովուրդ» խոհագրութեան մէջ կը գրէ. «Նոր սերունդը կաւ մըն է արդարեւ ոչ միայն կակուղ ու կերպընկալ, այլ նաեւ արժէքաւոր կարելիութիւններով օժտուած: Կրնա՞ք ըլլալ ճարտար բրուտներ՝ ստեղծելու անոնցմէ ազնիւ ու այս երկրին ու մեր Ազգին համար պիտանացու անօթներ հաւատքի, կամքի, գործի, նուիրումի»։Բազում են օգտաշատ պատգամները «Հովիւի խօսքեր»ու էջերուն մէջ, միայն թէ ընթերցենք ու առաջնորդուենք անոնցմով։ ...Կը կամենա՞ս պայծառակերպել հոգիդ ու միտքդ աստուածային լոյսով։ Ուրեմն կարդայ կենսատու խօսքերը Գարեգին Խաչատուրեանին»։