image

Ատրպէյճանցիներ Լաչինի միջանցքին վրայ ՀՀ եկող արցախցիէն գրաւած են «Արցախ» գրութիւնը ունեցող թանկարժէք նարտին (Տեսանիւթ)

Ատրպէյճանցիներ Լաչինի միջանցքին վրայ ՀՀ եկող արցախցիէն գրաւած են «Արցախ» գրութիւնը ունեցող  թանկարժէք նարտին (Տեսանիւթ)

Այսօր Լաչինի միջանցքին մէջ ապօրինի տեղակայուած ատրպէյճանական անցակէտին վրայ «Կարմիր խաչի» ուղեկցութեամբ Արցախէն ՀՀ եկող քաղաքացիներէն մէկէն ատրպէյճանցի սահմանապահները թանկարժէք ձեռագործ նարտի գրաւած են։

Այս մասին յայտնած է «Инфотека24» թելեկրամեան ալիքը՝ վկայակոչելով Արցախի Հանրապետութեան Հանրային խորհուրդի նախագահ Արմէն Գէորգեանը:

Նշուած է, որ նարտին կը գնահատուի շուրջ 5-6 հազար ամերիկեան տոլար։

Նարտիի վրայ փորագրուած եղած է «Արցախ» գրութիւնը եւ «Մենք ենք, մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յուշարձանը։ Բացի այդ, ներսի կողմը պատկերուած է Արցախի զինանշանը։ Կ'ենթադրուի, որ այդ հանդիսացած է թանկարժէք նարտիի գրաւման պատճառ։

Տեսանիւթը՝ այստեղ։